Հայաստան Եւ Յունաստան Ռազմական Արհեստագիտութեան Վերաբերող Համագործակցութեան Համաձայնագիր Կնքեցին
Դեկտեմբեր 15, 2023Պաշտօնական այցելութեամբ Յունաստան կը գտնուի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան: Այս ծիրին մէջ, Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարար Նիքոլաոս Տենտիասի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-յունական պաշտպանական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր։ Անոնք ստորագրեցին «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Յունաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան մասին» ...