Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին Կ՛օժանդակէ Արցախցի 100 Ընտանիքներու
Մայիս 27, 2021Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ մայր եկեղեցին շարունակեց ուրախութիւն եւ յոյս պարգեւել ժամանակաւորապէս Հայաստանի Հանրապետութեան Կոտայքի եւ Գեղարքունիքի մարզերուն մէջ հաստատուած Արցախի հարիւր ընտանիքներու: Օժանդակութեան բաշխումը կատարուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական կազմակերպութեան (Հայաստան) միջոցով: Իւրաքանչիւր ընտանիք կամ անհատ ստացաւ հարիւր ամերիկեան ...