Արամ Ա. Կաթողիկոս մօտէն կը հետեւի Վենեզուելայի հայ գաղութին դիմագրաւած դժուարութիւններուն
Մայիս 22, 2017Արամ Ա. Կաթողիկոս անցնող շաբաթներու ընթացքին մօտէն հետեւեցաւ Վենեզուելայէն ներս ստեղծուած անապահով կացութեան եւ յատկապէս՝ հայ գաղութին դիմագրաւած դժուարութիւններուն։ Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ տեղեկութիւնները ստացաւ գաղութի պատասխանատուներէն մէկուն կողմէ.- «Աւելի քան տարի մը կ’ընէ, որ Վենեզուելան կը գտնուի ահաւոր դժուարութիւններու առաջ. ...