Հոգեհանգստեան Պաշտօն՝ Ալեքսանտր Խատիսեանի Նորոգուած Շիրմաքարին Առջեւ
Յունիս 23, 2025ՓԱՐԻԶ․- Շաբաթ, Յունիս 21-ին, «Փէր Լաշէզ» գերեզմանատան մէջ, կատարուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վարչապետ Ալեքսանտր Խատիսեանի նորոգուած շիրմաքարին հանդիսութիւնը, եւ այս առթիւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն վարչապետին եւ կողքին հանգչող իր կողակից՝ Քսենիա Խատիսեանի յիշատակին։ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Ֆրանսա աքսորուած Ալեքսանտր Խատիսեանի կեանքին ու ...