ՀՅԴ երիտասարդական կառոյցը բողոքի ցոյց կազմակերպած է Լոս Անճըլըսի մէջ Հայաստանի Հիւպատոսութեան դիմաց
Մարտ 15, 2024ՀՅԴ երիտասարդական կառոյցը՝ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը բողոքի ցոյց կազմակերպած է Լոս Անճըլըսի մէջ Հայաստանի Հիւպատոսութեան շէնքին դիմաց: Երիտասարդները վանկարկած են «Նիկոլն ու Ալիեւը նոյնն են», «Արցախը ողջ է», «Նիկոլ դաւաճան», «Արցախը հայկական է», «Ամօթ Նիկոլին», «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «ազգ-բանակ-յաղթանակ» լոզունգները։ Ցոյցին մասնակիցները բողոք յայտնած են Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխելու Փաշինեանի նախաձեռնութեան կապակցութեամբ, Արցախը յանձնելուն, Հայաստանէն տարածքներ յանձնելու անոր վարած քաղաքականութեան դէմ: Անոնք հիւպատոսութեան դարպասներէն կախած են ...