Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընտրուեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնաժողովի փոխ ատենապետ
Մարտ 08, 2024Չորս օրերէ ի վեր Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) կեդրոնատեղիին (Ժընեւ, Զուիցերիա) մէջ տեղի կ՚ունենայ Խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնաժողովի հանդիպումը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ յանձնաժողովի իբրեւ լիիրաւ անդամ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան: Յայտնենք, որ այս յանձնաժողովը ...