Հոլիվուտեան դերասան Ռիչըրտ Կիրի նոր ժապաւէնի բեմագիրն է Էրիք Նազարեան
October 12, 2017Այս տարուան Թորոնթոյի միջազգային ֆիլմի փառատօնի ցուցադրութիւններուն ծիրէն ներս ներկայացուած «Երեք քրիստոսներ» ժապաւէնը, որ ֆիլմի վերածուած է տաղանդաւոր բեմադրիչ Էրիք Նազարեանի բեմագրութեան հիման վրայ, մեծ արձագանգ գտաւ: Ժապաւէնը հիմնուած է լեհ-ամերիկացի հոգեբոյժ Միլթըն Ռոքիչի 1964-ին հրատարակած «Իփսիլանթիի քրիստոսները» ինքնակենսագրական վէպին վրայ, ...