Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայագիտական կեդրոնին առաջին հունձքը
Յունիս 13, 2018Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Երեքշաբթի, 12 Յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական-հայագիտական բաժանմունքին Հայագիտական կեդրոնին առաջին շրջանաւարտներուն վկայականաց բաշխումը։ Ի դէպ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ յանձին Նորին Սրբութեան ...