Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը
Յունիս 25, 2019Երկուշաբթի, 24 յունիս 2019-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ, վեհափառ հայրապետին այցելեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանի: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը վեհափառ հայրապետին տեղեակ պահեց Համազգայինի աշխատանքներուն մասին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ, յատկապէս պարզելով Համազգայինի ծրագիրները: ...