Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական եւ Գործադիր վարչութեանց ժողովներուն
Յունիս 29, 2016Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան ժողովը տեղի ունեցաւ 22-28 Յունիս 2016-ին Թրոնտհայմի մէջ, Նորվեկիա, թեմա ունենալով «Ուխտագնացութիւն՝ Միասնաբար Որոնենք Մեր Գործելադաշտերը» (Pilgrimage: Discerning the Landscapes Together)։ Հայ Եկեղեցին Հայրապետական երկու Աթոռներով իր մասնակցութիւնը բերաւ այս ժողովին։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ...