Մոնթրէալի մէջ կայացաւ ատրպէյճանական բռնութիւններն ու յարձակումը դատապարտող բողոքի հաւաք
Սեպտեմբեր 27, 202224 սեպտեմբերի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Քէպէքի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմնի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը, Մոնթրէալի parc Marcelin-Wilson-ի մէջ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող յուշարձանին մօտ, ուր զետեղուած էին Արցախի, Հայաստանի, Գանատայի եւ Քէպէքի դրօշները։ Ցոյցի ամբողջ տեւողութեան, ցուցարարներ ճամբէն անցնող քաղաքացիներու ...