Կեանքէն հեռացաւ սփիւռքահայ ազգային ու պետական գործիչ Մեթր Վարդգէս Շամլեանը
Ապրիլ 27, 2022Ապրիլ 25-ին, կեանքին հրաժեշտ տուաւ Լիբանանի խորհրդարանի նախկին անդամ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ՝ Մեթր Վարդգէս Շամլեանը։ Ան Ծնած է 1928 թուականին,Կիլիկիոյ Ալեքսանտրիա քաղաքին մօտակայ՝ Պէլան բնակավայրին մէջ: Տասնըմէկ տարեկանին, ընտանիքին հետ հարկադրաբար կը փոխադրուի, եւ կը ...