Կոչ Լիբանանի քաղաքացիութիւն ունեցող գանատահայ հայրենակիցներուն
Հոկտեմբեր 24, 2017Սիրելի հայրենակիցներ, Յառաջիկայ Մայիսին, Լիբանանի մէջ տեղի պիտի ունենան 2018 թուականի երեսփոխանական ընտրութիւններ, որուն ընթացքին իր թեկնածուները պիտի առաջադրէ ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցը։ Վերոնշեալ ընտրութիւններուն, Լիբանանի խորհրդարանի որոշումով, առաջին անգամ ըլլալով արտասահման ապրող լիբանանցիները իրաւունք պիտի ունենան քաղաքացիական իրենց պարտականութիւնը կատարել՝ քուէարկելով ...