
ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՀՕՄ- Ի ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ 8-ՐԴ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ
Յուլիս 17, 2013ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի միջնակարգի 8-րդ դասարանի աւարտական հանդէսը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 21 Յունիս, 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Թորոնթոյի Հայ երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահին մէջ, որուն ներկայ գտնուեցան Սուրբ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերապատիւ Տէր Մեղրիկ Ծ. Վարդապետ Բարիքեան, ...