Կեանքէն հեռացաւ Մոնթրէալահայ ազգային գործիչ Սերգօ Պոյաճեան
Յունուար 22, 2019Յունուար 14-ին իր աչքերը յաւիտենապէս փակեց Մոնթրէալի հայ համայնքի եւ Դաշնակցական ընտանիքի երախտաւոր Սերգօ Պոյաճեանը։ Ծնած է Աթէնք, Յունաստան, 29 Յունուար 1930-ին: Ան զէյթունցի ծնողքի մը երեք զաւակներէն երկրորդն էր, որոնք տարագրութեան շրջանին մազապուրծ ազատելով, 1920-ին հաստատուած են Յունաստան։ Սերգօն իր ...