Համազգայինի «Քնար» երգչախումբը անզուգական ելոյթով հանդէս եկաւ Մոնթրէալի մէջ
Մայիս 07, 2025Շաբաթ, 3 Մայիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Théâtre Beaubois հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի «Քնար» երգչախումբի անզուգական ելոյթը, երկար բացակայութենէ ետք, խմբավարութեամբ արուեստագէտ Սարգիս Պարսեմեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Հուրի Մանուկեանի, ինչպէս նաեւ մասնակցութեամբ Rhapsodie քառեակին, գլխաւորութեամբ Նայիրի Փիլոյեանի: ...