Համազգայինի «Վարագ» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ կայացաւ CBC–ի լրագրող Ռաֆֆի Պուճիգանեանի «Journey Through Genocide» գիրքին շնորհահանդէսը
March 26, 2019Կիրակի, 24 Մարտ 2019-ին Վանգուվըրի Հայ կեդրոնի «Լազարեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ CBC-ի լրագրող Ռաֆֆի Պուճիգանեանի «Journey Through Genocide» գիրքին շնորհահանդէսը: Ներկայ էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տէր Գարեգին Վարդապետ Շխըրտմեան, Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Վահէ Անտոնեան, ...