Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ Գանատահայութեան Ուղղուած Իր Ուղերձին Մէջ Վարչապետ Թրուտօ Խստօրէն Կը Դատապարտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Ապրիլ 24, 2020Ողջունելով Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին նուիրուած ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպած առցանց ոգեկոչումը, Գանատայի Վարչապետ Ճասթին Թրուտօ տեսանիւթով ներկայացուած յատուկ ուղերձով մը խստօրէն դատապարտեց Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ անգամ եւս վերահաստատեց Գանատայի պետութեան հաստատ կեցուածքը այս ...