
ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՀՕՄ-Ի ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՊԱՊԱՅԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՀԱՆԴԷՍԸ
Յուլիս 17, 2013ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի «Պապայեան» մանկապարտէզի 2012-2013 տարեշրջանի աւարտական հանդէսը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 18 Յունիս, 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Թորոնթոյի Հայ երիտասարդական կեդրոնի Համազգային թատերասրահին մէջ, որուն ներկայ գտնուեցան Սուրբ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերապատիւ Տէր Մեղրիկ Ծ. Վարդապետ ...