Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Մարմին. Հաղորդագրութիւն թիւ 1
Մայիս 28, 2020Սիրելի հայրենակիցներ, Լիբանանի հայութիւնը համավարակի եւ երկրի տնտեսական ծանր դրութեան պատճառով այսօր կը գտնուի ճգնաժամի մէջ։ Գաղութի հայկական հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները ահազանգային վիճակի մէջ են ու լիբանանահայ կեանքը ընդհանրապէս՝ կ'անցնի ծանրագոյն փուլէ մը։ Շաբաթ մը առաջ, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն յատուկ կոչով ...