ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի յայտարարութիւնը. ԱՄՐԱԳՐԵ՛ՆՔ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Մարտ 21, 2017Յառաջիկայ Ապրիլ 2-ին Հայաստանի մէջ կը կայանան Ազգային Ժողովի ընտրութիւնները, որոնց Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը մասնակցի առանձինն եւ ինքնուրոյն։ Հ.Յ. Դաշնակցութեան համար անշեղ ուղեգիծ է շարունակել եւ ամրապնդել 1918 թուականի Առաջին հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդները, որոնք ձեւաւորուած եւ հիմնաւորուած էին խորհրդարանական համակարգի պայմաններով: Յառաջիկայ ընտրութիւններուն, ՀՅԴ ...