Քեպէգի Ազգային Ժողովը միաձայնութեամբ դատապարտեց Արցախի դէմ գործադրուած ատրպէյճանական յարձակումը
Հոկտեմբեր 25, 2023Հոկտեմբեր 25-ին կայացած նիստի ընթացքին, Գանատայի Քեպէգ նահանգի Ազգային Ժողովի պատգամաւորները միաձայնութեամբ դատապարտեցին Արցախի դէմ կատարուած ատրպէյճանական յարձակումը եւ պահանջեցին մարդասիրական գետնի վրայ լուծում գտնել Արցախէն բռնագաղթի ենթարկուած 120,000 հայերուն համար: Իշխող Coalition Avenir Québe (CAQ) կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Սելին ...