Գանատահայութիւնը իր պահանջատիրութեան ձայնը բարձրացուց Օթթաուայի մէջ
Ապրիլ 25, 2024Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2024-ին, տեղի ունեցաւ «Անպատիժ մնացած ցեղասպանութիւնը հաւասար է շարունակուող ցեղասպանութեան» լոզունգով, Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակին նուիրուած քայլերթը Օթթաուայի մէջ, մասնակցութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ թեմի հոգեւոր հայրերուն, ...