Արցախի Մասին 8 Հետազօտական Ծրագիր Նպաստ Կը Ստանայ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Կողմէ
Յունիս 20, 2021Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը մեկնարկեց կրթաթոշակներու նոր ծրագիր մը Յունուար 2021-ին, որ կը կեդրոնանայ Արցախի մասին հետազօտական աշխատանքներու վրայ: Այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ Բաժանմունքին «Հայագիտութեան կարճաժամկէտ կրթաթոշակ»-ի ծրագիրին, եւ կը նպատակադրէ քաջալերել Արցախի վերաբերեալ ժամանակակից ուսումնասիրութիւնները, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով յետ-1994-եան ժամանակաշրջանին, ինչպէս նաեւ առկայ կացութեան։ Դիմումներու ...