Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Պաքուի Հետ Որեւէ Քննարկում Ընդունելի Պիտի Ըլլայ Միայն Այն Պարագային, Եթէ Ընթանայ Կողմերու Իրաւահաւասարութեան Սկզբունքի Պահպանումով»
Նոյեմբեր 22, 2022Արցախի Հանրապետութեան համար անընդունելի են Ազրպէյճանի փորձերը` չեղեալ յայտարարելու Արցախի` իբրեւ տագնապի կողմի կարգավիճակը, իսկ բանակցութիւնները ներկայացնել իբրեւ «խօսակցութիւն Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերու հետ» եւ Ազրպէյճանի ներքին քաղաքականութեան շրջանակներուն մէջ ինկած գործընթաց, յայտարարած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: «Ազրպէյճանա-ղարաբաղեան տագնապի լուծման ...