Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Վարազդատ Գազանճեան
Մայիս 12, 2023Բժիշկ Վարազդատ Յովհաննէս Գազանճեան ծնած է Երզնկա, 18 մարտ 1879-ին: Ան Վարազդատ կոչուած է ի յիշատակ չորրորդ դարուն ապրող Վարազդատ թագաւորին: Իր բուն մականունը եղած է Երիքեան, սակայն թրքական բռնապետական օրէնքներու պատճառով Երիքեանը փոխուած է Գազանճեանի: Վարազդատի հայրը` Յովհաննէս Գազանճեան ընտանեօք ...