Վե՛րջ վհատումին, մանաւանդ՝ ինքնասեւեռումի՛ն
Նոյեմբեր 14, 2023ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Վհատում եւ ինքնասեւեռում։ Երկու մեծ ախտեր, հիւանդութիւննե՛ր նոյնիսկ, որոնց համաճարակի վերածուելուն դէմ պէտք է պայքարիլ ի գին ամեն զոհողութեան։ Ինչի՞ մասին է խօսքը։ Խօսքը կը վերաբերի երկու ահաւոր երեւոյթներու, որոնք անհակակշիռ կ՚ընդհանրանան եւ որոնք կը սպառնան մեր գոյութեան իսկ։ Մեր՝ իբր մարդու, իբր ...