Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Երեւանի մէջ գումարեց իր լիագումար նիստը
Սեպտեմբեր 20, 2013Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը իր լիագումար նստաշրջանը ունեցաւ 14-15 Սեպտեմբեր 2013ին, Երեւանի մէջ։ Լիագումար ժողովը հանգամանօրէն քննեց Համազգայինի աշխարհասփիւռ կազմակերպութեան վիճակը եւ առկայ կազմակերպական խնդիրները, Համազգայինի շրջաններուն եւ կառոյցներուն գործունէութիւնը, կրթական հաստատութիւններուն կարիքները եւ ծրագիրները, Համազգայինի ընտանիքին մշակութային գործունէութիւնը, ...