ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան սեմինարը նուիրուած էր Բեկոր Աշոտի յիշատակին
Յունուար 14, 2014Յունուար 10-11-12-ի շաբաթավերջին, ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) «Լեւոն Շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղի 40 անդամներ հաւաքուեցան Քեպէգի Arundel բանակավայրը, իրենց տարեկան ձմեռնային սեմինարի աշխատանքները համադրելու համար։ Բանակում-սեմինարը նուիրուած էր Արցախի ազատամարտիկ Բեկոր Աշոտի յիշատակին, իսկ սեմինարի կարգախօսն էր ...