ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ՅԱՐԳԱԼԻՑ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔԻ Կ՚ԱՐԺԱՆԱՆԱՅ
Օգոստոս 30, 2013Վլատիմիր Սոքոր «Ճէյմզթաուն» վերլուծական կեդրոնի կայքէջին վրայ տեղադրուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրի անդամ վեց երկիրներէն Ազրպէյճանն է, որ կը թուի թէ ռուսական ճնշումի տարբեր ձեւերէն չազդուիր, ուստի Քրեմլինէն յարգալից վերաբերմունքի կ՚արժանանայ։ ...