«Կապոյտ Գիրքը» Դարձեալ Թուրքիոյ Խորհրդարան Կը Յղուի
- (0)

«Պիանեթ» կայքէջը կը տեղեկացնէ, թէ Զարաքօլու եւ Սարաֆեան յայտարարութիւն մը ըրած են՝ «Երեսփոխաննե՛ր, կարդալու եւ հաղորդակցելու ազատութեան տէր կանգնինք» խորագիրին ներքեւ, որմէ ետք ներկաներուն հետ գացած են Կալաթասարայի նամակատունը ու «Կապոյտ Գիրք»էն օրինակներ ուղարկած են Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահին ու խորհրդարանի Մարդկային իրաւունքներու յանձնաժողովի անդամներուն։
Յիշեցնենք, որ 2009ին եւս «Կապոյտ Գիրք»էն օրինակներ ղրկուած էին խորհրդարան, սակայն արգելքներ եղած էին անոր դէմ ու անոնք չէին հասած երեսփոխաններուն։
Դիտել տանք, որ «Կապոյտ Գիրք»ի (The Treatment of Armenians in the Ottoman Empire 1915-1916) հեղինակներն են Ճէյմզ Պրայս եւ յայտնի պատմաբան Առնոլտ Թոյնպի։ Գիրքը կը ներկայացնէ 1916ին Բրիտանական խորհրդարանին մէջ կատարուած զեկուցում մը, որ կը փաստէ Օսմանեան կայսրութենէն ներս Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը։