«Մերինօ» ոչխար բուծելու նախաձեռնութիւն Շուշիի մէջ
Վերջին հազարամեակին հարիւրաւոր անասուններ անհետացած եւ կամ անհետանալու վտանգին մէջ կը գտնուին։ Հայկական բարձրաւանդակը բացառութիւն չի կազմեր։ Մինչեւ առաջին աշխարհամարտը, Մեծ եւ Փոքր Հայքի տարածութեան մէջ, հիմնական ոչխարի տեսակը «Մերինօ»ն էր, որ ունի բարակ բուրդ։
Աշխարհի վրայ աւելի քան 200 տեսակի ոչխարներ կան, որոնք խառնասերումներու արդիւնք են։ Հայաստանի մէջ նոյնպէս, հայ անասնապահները խառնասերելով Rambouillet եւ Lincoln տեսակները, ստացած են նոր տեսակի ոչխար, որ կը կոչուի «Հայկական կիսակոշտ բուրդ», որ ունի դմակով պոչ, աւելի առատ միս եւ կաթ քան միւս տեսակները։ Այսօր այս տեսակն է, որ տարածուած է հայկական լեռնաշխարին մէջ։ Սակայն բուրդին որակը տուժած է։ Ինչո՞ւ չկեդրոնանալ ոչխարաբուծութեան եւ մանաւանդ «Մերինօ» տեսակին վրայ։ «Մերինօ» տեսակի ոչխարաբուծութիւնը ոչ միայն կը նպաստէ գորգագործութեան, այլեւ փոքր եւ միջին գործարքի առաջացման։ Միջազգային շուկայի մէջ այս բուրդի տեսակը փորձուած է։
Այսօր որակաւոր բուրդ ունեցող ոչխարներ չկան Հայաստանի մէջ։ Գորգագործութեան որակը զիջած է իր առաջնակարգ դիրքէն։ Նկատի ունենալով հայկական լեռնաշխարհի կլիմայական 10 գօտիներու տարբերութիւնը, արօտավայրերու բարձրաւանդակային բնոյթը՝ Հայաստանը յարմար միջավայր չէ խոշոր կճղակաւոր անասուններու բազմացման եւ տարածման։ Բնական անասուններ, պտղատու ծառեր, մրգաստաններ ստեղծելու կարելիութիւնները շատ են։ Սակայն այս բոլորը տարիներու կազմակերպուած աշխատանքի եւ ներդրումներու կը կարօտի։ Արցախի եւ յատկապէս Շուշիի մէջ բոլոր կարելիութիւնները կան փոքր եւ միջին արտադրական հասութաբեր հաստատութիւններու ստեղծման, որոնք կրնան նպաստել ոչ միայն բնակչութեան բարեկեցութեան, այլ նաեւ շուկայական պահանջքներուն։
Այս ծրագիրը իրականացնելու համար, բնականաբար որոշ ներդրման անհրաժեշտութիւնը կայ։ Սակայն անձնական միջոցներով իրականացնելու համար միակ ձեւը շուկայական հաշուարկումները չեն։ Երկար խորհրդակցութիւններէ ետք, կշռադատելով ներկայ իրականութիւնը՝ բաժնետիրական (shareholder) ներդրման ձեւը յարմարագոյնը կը նկատուի։ Հարկ է ստեղծել փոխվստահութեան մթնոլորտ մը եւ ստեղծել փոքր-միջին գործարքի մարզ մը, որ զբաղի ոչխարաբուծութեամբ եւ անկէ ստացուած նիւթերու մշակմամբ եւ արտադրմամբ։
Եթէ կան անհատներ, որոնք կը մտածեն, կը փափաքին կամ կը ցանկան ձեւով մը ներդրում ունենալ եւ նեցուկ կանգնիլ այս նախագիծի իրականացման, բաժնետէրական հաստատութիւններուն կամ պայմաններուն ծանօթանալ, կը խնդրուի հեռաձայնել Արարատ Թորոսեանին՝ (514) 445-7070: Նաեւ կարելի է ARMERINO Facebook–ի էջին հետեւիլ՝ նախագիծին բոլոր զարգացումներէն տեղեակ ըլլալու համար։