Թուրքիա կը պատրաստուի Հայաստանի հետ սահմանը պարսպապատել
1684
0
Թրքական մամուլին մէջ տեղ գտած հրապարակումներու համաձայն՝ Թուրքիա կը պատրաստուի Հայաստանի եւ Իրանի հետ սահմանագիծը պարսպապատել: Ներկայիս նմանատիպ պատ կը կառուցուի թուրք-սուրիական սահմանին:
Թրքական «T24» լրատուական կայքի տեղեկացմամբ՝ երկրին քաղաքական բեմերու ետին տարուող քննարկումներու համաձայն, Թուրքիոյ պաշտպանութեան եւ տնտեսութեան նախարարութիւններու համատեղ նախաձեռնութեամբ հայ-թրքական սահմանը պիտի պարսպապատուի Արտահան, Կարս եւ Իկտիրի քաղաքներուն կողմէ։
Ըստ աղբիւրին՝ Թուրքիոյ դրացի երկիրներուն հետ իր սահմաններու պարսպապատման նպատակն է պայքարիլ ահաբեկչութեան եւ մաքսանենգ ճանապարհով սահմանախախտումներու դէմ:
Նշենք, որ ներկայիս թուրք-սուրիական սահմանին կառուցուող թրծաշաղախուած պատը ունի 3 մեթր բարձրութիւն իսկ վերի հատուածը պատուած է փշալարերով։