Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Ռիատիէն Կրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Պարտութիւնը` 73-66 Արդիւնքով
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին ՀՄԸՄ, որ Մանարայի մէջ հիւրը եղաւ ախոյեան Ռիատի Պէյրութի, կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` յաջորդական եօթը յաղթանակներէ ետք:
Ռիատի Պէյրութ, որ 7-րդ հանգրուանին (ուրբաթ, 6 յունուար) կրեց պարտութիւն մը` Մութթահետի դաշտին վրայ (86-84), երէկ արձանագրեց 73-66 արդիւնքով յաղթանակ մը (23-14, 38-33, 56-50 եւ 73-66):
Մրցումին տեւողութեան, ՀՄԸՄ յաջողեցաւ ընդհանրապէս քիչ մը շատ եղող կէտերու տարբերութիւնը բաւական նուազեցնել եւ իջեցնել նոյնիսկ կէտի մը (45-44), սակայն Ռիատի դարձեալ մրցումին ղեկը ձեռք առնելով առիթ չտուաւ, որ ՀՄԸՄ կարենայ գերազանցել զինք:
Կարելի է ըսել նաեւ, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկ Տուայն Ճեքսըն քիչ մը անբախտ եղաւ: Ան թէեւ նշանակեց 13 կէտ, բայց 18 թրի փոյնթերէն միայն 3-ը հասցուց իր նպատակին, այլապէս մրցումին արդիւնքը կրնար տարբեր ըլլալ:
Անոր խմբակից Աթեր Մաճոք նշանակեց 16 կէտ եւ 13 ռիպաունտ, մինչ Քեւին Կալոուէյ` 6 կէտ, 7 ռիպաունտ, 6 էսիսթ: Ֆատի Խաթիպ նշանակեց 17 կէտ, Նետիմ Սուէյտ` 5, իսկ Էլիա Շամուն` 6:
Ռիատիէն Ուաէլ Արաքժի նշանակեց 17 կէտ, մինչ 13-ական կէտ նշանակեցին Ամիր Սէուտ եւ Պրանքօ Սվեթքովիչ:
ՀՄԸՄ չկրցաւ լաւապէս օգտուիլ Ռիատիի թըրն-օվըրներէն (19) (ՀՄԸՄ` 10): Էսիսթներու մէջ Ռիատի եղաւ աւելի արդիւնաւէտ. 19` փոխան 10-ի:
Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր երեկոյեան ժամը 21:40-ին, Տիք Մըհտիի մէջ Շանվիլ կը հիւրընկալէ Հուփսը: