Խարբերդի Հայկական Եկեղեցին Կայանատեղիի Վերածուած է
Թուրքիոյ Էլեազըղ (պատմական Խարբերդ) քաղաքին մէջ գտնուող կիսաւեր հայկական եկեղեցին վերածուած է կայանատեղիի:
Մօտ 200 տարի հայ եւ ասորի ժողովուրդին համար իբրեւ աղօթատեղի ծառայած հայկական բողոքական եկեղեցւոյ պատերուն՝ այսօր կարելի է տեսնել կայանատեղիի տէրերուն կողմէ փակցուած գովազդային վահանակներ:
Վկայակոչելով թրքական «Evrensel» լրատուական կայքը` Ermenihaber.am կը նշէ, թէ Տիարպեքիրի մշակութային յուշարձաններու պահապանութեան վարչութեան պատասխանատւութեան տակ գտնուող եկեղեցին նախապէս օգտագործուած է իբրեւ ալիւրի գործարան եւ առեւտուրի կեդրոն:
Տեղացիներէն մէկը՝ նշելով, որ ասիկա առաջին դէպքը չէ, որ քրիստոնէական յուշարձանը կ՝արժանանայ նման ճակատագրի՝ ըսած է. «Նախապէս մեր պապերու` ոչ մահմետական հարեւաններուն հետ ապրած ժամանակներուն մասին յիշեցնող միակ ժառանգութիւնը այս պատմական եկեղեցին է: Իսկ այսօր՝ այդ ժառանգութիւնը վերանալու վտանգին առջեւ է»: