Գաբրիէլ Ղազարեան Նշանակուեցաւ Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարի Տեղակալ
911
0
Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի որոշումով, Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան նոր պաշտօն մը ստանձնեց:
Ան Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեանի տեղակալի պարտականութիւնները պիտի կատարէ, յայտնեց կառավարութեան պաշտօնական կայքը:
Գաբրիէլ Ղազարեան, որ 2014 մայիսէն 2016 եղած է Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար, ներկայիս Հայաստանի լողարշաւի ֆետերասիոնին նախագահն է: