Լիբանանեան Մարզական Լրագրութեան Համադաշնակցութեան Ընտրութիւններ


members_122816

Երէկ` չորեքշաբթի, 28 դեկտեմբերին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ (Պէյրութ) տեղի ունեցան Լիբանանեան մարզական լրագրութեան համադաշնակցութեան ընտրութիւնները` ներկայութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներուն` Մոհամետ Աուայտաթի եւ Ալի Խալիլի:

Համադաշնակցութեան անդամակցած եւ օրինական նկատուած 102 անդամներէն 65-ը ներկայ եղան ընտրութիւններուն, ինչ որ զանոնք դարձուցին օրինական:

Երբ ներկաներուն թիւը արդէն գերազանցեց 54-ը, ժողովը բացուած յայտարարուեցաւ, եւ յաղթական հռչակուեցան 12 թեկնածուները` մրցակից կազմի չգոյութեան պատճառով:

Այս նոր համադաշնակցութեան վարչութիւնը պիտի պաշտօնավարէ չորս տարի:

Ընտրութեանց աւարտին համադաշնակցութեան նոր վարչութիւնը գումարելով իր անդրանիկ նիստը, կատարեց պաշտօններու բաժանում, հետեւեալ ձեւով.

Ուատիհ Ապտել Նուր (նախագահ), Իպրահիմ Մաքտաշ (Ա. փոխնախագահ), Նըմըր Ժապըր (Բ. փոխնախագահ), Սելիմ Աուատա (ընդհանուր քարտուղար), Ռիատ Իթանի (գանձապահ), Աքրամ Ղոսըն (հաշուապահ), Էլի Նասսար, Ժալալ Պաայնօ, Ֆատի Սըմաան, Նեժիպ Քահի, Հասսան Մուհիէտտին եւ Եուսեֆ Եունես (խորհրդականներ):


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.