Յաղթանակի եւ Պարտութեան Մասին (Հալէպի Յաղթանակին Մէջ Պարտութիւն Տեսնելու Մասին)

 

Պատերազմը ահաւոր բան է: Աւելի ահաւոր է, երբ այն միայն երկու յստակ կողմերու միջեւ չէ, այլ՝ բազմաթիւ բացայայտ եւ վարագոյրի ետեւ գործող կողմերու միջեւ ընթացող ու մարդկային երեւակայութեան ամէն սահմանները անցնող քանդում է:

Ընդունուած իրականութիւն է, որ պատերազմի մէջ յաղթող կողմ չ՛ըլլար: Միայն պատերազմը կը յաղթէ: Եւ ճիշդ է, մասամբ: Պատերազմը կորուստի վերնագիր է. կեանքերո՛ւ կորուստի:

Սուրիոյ պարտադրուած պատերազմը բացառութիւն չի կազմեր: Հարիւր հազարաւոր զոհեր, վիրաւորներ, հաշմանդամներ եւ գաղթականներ արձանագրուեցան: Երկիրի մէկ մասի ենթակառոյցը ամբողջովին քանդուեցաւ: Պատմական յուշարձաններ գետնին հաւասարեցան: Արեան մէջ ապրող սերունդ մը յառաջ եկաւ: Իւրաքանչիւր բնակիչի կեանքը այս պատերազմի հետեւանքը կը կրէ:

Կորուստներու ցաւերը կարելի չէ ամոքել: Թեթեւցնելու փորձերը, համոզուած եմ, հազիւ յաջողին միայն առժամաբար մեղմացնել զանոնք: Ինչպէ՞ս մոռնալ զոհուած հարազատի ցաւը, թեթեւցնել հաշմանդամին վիճակը, միացնել տարտղնուած ընտանիքները… Քարէ կառոյցները կը վերակառուցուին, բայց մարդկային կորուստները անփոխարինելի են: Հալէպի յաղթանակին մէջ պարտութիւն տեսնողները, հասկնալիօրէն, այս համոզումով կ՛առաջնորդուին:

Սակայն, պատերազմի նպատակը միայն քանդում եւ տեղահանում չէ: Եւ, այսօրուան պատկերը առաւելաբար այդ մօտեցումով դիտելը մարդկային է, բայց արդար չէ: «Պատերազմ» երեւոյթին քիչ թէ շատ ծանօթ մարդիկ այս իրականութիւնը գիտեն: Անոնք գիտեն նաեւ, որ պարտութեան կամ յաղթանակի չափանիշը իրականացած նպատակներու ծաւալն է:

Ա՛յս դիտանկիւնէն՝ Հալէպը յաղթած է: Հալէպցին, բազմազան դժուարութիւններու տոկալով, յաղթած է մահը իրեն պարտադող կողմերուն:

Սուրիոյ եւ շրջանային մակարդակով՝ Հալէպը յաղթած է պարտադրուած պատերազմին ու ահաբեկչութեան երեւոյթին: Խաբկանքը չունինք հանգիստ շունչ քաշելով մտածելու, որ ահաբեկչական արարքները վերջ գտած են: Երբե՛ք: Գաղտնիք չէ, որ յաջորդ հանգրուանին ահաբեկչական գործողութիւններ պիտի ըլլան: Բայց, Հալէպը Ռաքքա մը պիտի չդառնայ. Եւ վե՛րջ: Պիտի չդառնայ այն, ինչ որ բազմաթիւ կողմեր, ներառեալ՝ մե՛ր դարաւոր թշնամին, կ՛երազէին տեսնել:

Միջազգային մակարդակով՝ Հալէպը հաստատեց երկբեւեռ համակարգի վերածնունդը: Քաղաքական խրթին վերլուծումներէ հեռու եմ: Սակայն կարելի է ըսել, որ այսպիսով աշխարհը որոշ հաւասարակշռութեան կը մօտենայ: Այս իմաստով, այո, Հալէպի վերջին զարգացումները նշանակալի են:

Հալէպը եւ բնակիչները բազմաթի՜ւ խոչնդոտներու դիմաց կանգնած են: Պատերազմը բացասական նոր երեւոյթներ ծնաւ, որոնք աւելնալով նախկիններուն վրայ, առօրեան կը դժուարացնեն: Ատոնց լուծումները արագ պիտի չըլլան: Զինեալները, կաշառակերութիւնը, ագահութիւնը, արեան հոտը, վրէժխնդրութիւնը եւայլն մէկ օրէն միւսը պիտի չվերանան:

Սուրիոյ պատերազմը տարիներ կրնայ շարունակուիլ: Նժարը, պայմաններուն համեմատ, այս կամ այն կողմ կրնայ թեքիլ: Բնական է: Բայց մէկ բան յստակ է. Դիտելու շրջանակը ընդարձակելով պիտի տեսնենք, որ ՀԱԼԷՊԸ ՅԱՂԹԵՑ եւ վերականգնելու ամէ՛ն տուեալ ունի: Հալէպը՝ յաղթանակին մէջ պարտութիւն տեսնելու փորձերուն ալ պիտի յաղթէ: Անկասկա՛ծ:

Մարի Մերտխանեան-Եարալեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.