Ինչո՞ւ արաբները Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայութիւնը չեն ուզեր

 

Բ. Մաս.

Ամերիկացի փաստաբան է եւ քաղաքական գործիչ Ռապըրթ Ֆ. Քենետի կրտսեր (Robert F. Kennedy Junior) զաւակն է Ամերիկայի նախագահ Ճոն Քենետիի եղբօր՝ ծերակուտական Ռապըրթ «Պապի» Քենետիի։ Յօդուածագիրը համապարփակ ձեւով կը ներկայացնէ ԱՄՆ քաղաքականութեան բացասական անդրադարձը ՄԻջին Արեւելքի մէջ։ Յօդուածագիրը հեղինակ է նաեւ շարք մը գիրքերու, որոնց շարքին՝ Crimes Against Nature: How George W. Bush and His Corporate Pals Are Plundering the Country and Highjacking Our Democracy։ Այս յօդուածը լոյս տեսած է politico.com կայքէջին վրայ։

«Մէկ այլ վեթերան լրագրող մը՝ Պապ Փարի կը հաստատէ վերոնշեալ գնահատումը: «Տարածաշրջանին մէջ ոչ ոք մաքուր ձեռքեր ունի‚ սակայն չարչարանքի‚ զանգուածային սպանութեան‚ քաղաքացիական ազատութեանց ճնշման եւ ահաբեկչութեան աջակցութեան աշխարհին մէջ Ասատը շատ աւելի լաւ է քան սէուտցիները»‚ կ’ըսէ ան։ Ոչ ոք հաւատաց, թէ վարչակարգը խոցելի է այն անիշխանութեան դիմաց‚ որ հարուածեց Եգիպտոսը‚ Լիպիան‚ Եմէնը եւ Թունուզը։ 2011-ի գարնան‚ Դամասկոսի մէջ Ասատի վարչակարգի բռնաճնշումին դէմ փոքր ու խաղաղ ցոյցեր կային։ Անոնք հիմնականին մէջ արձագանգն էին Արաբական գարունին‚ որ նախկին ամրան ժահրի մը պէս տարածուեցաւ Արաբական Լիկայի անդամ երկիրներուն մէջ։

Բայցեւայնպէս‚ «Ուիքիլիքս»-ի բացայայտումները ցոյց կու տան‚ որ «Սի.Այ.Էյ.»-ը արդէն Սուրիոյ մէջ գետնի վրայ էր։

«Սակայն սիւննի թագաւորութիւնները նաւթէն ապահովելիք իրենց շահերուն վտանգուելուն՝ Ամերիկայէն աւելի մեծ մասնակցութիւն պահանջեցին։ 4 Սեպտեմբեր 2013-ին‚ Արտաքին Գործոց նախարար Ճոն Քերրի քոնկրէսական ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց‚ որ սիւննի թագաւորութիւնները առաջարկած են Պաշշար Ասատը իշխանութենէն հեռացնելու համար Միացեալ Նահանգներու Սուրիա ներխուժման ծախսերը ստանձնել։ «Իրողութեան մէջ‚ անոնցմէ ոմանք յայտնած են‚ որ եթէ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ է այդ մէկը ընելու‚ ինչպէս նախապէս ըրած են այլուր (Իրաք)‚ անոնք ամբողջ ծախսը պիտի ստանձնեն»‚ յայտնեց Քերրի ներկայացուցիչ Իլինա Ռոս-Լեհթինենի (Հանրապետական-Ֆլորիտա) աւելցնելով. «Ինչ կը վերաբերի Ասատը տապալելու պարագային (ամերիկեան ներխուժումի մը) ծախսերու ստանձնելու առաջարկին‚ պատասխանը խորապէս «այո՛» է‚ անոնք այդ մէկը կատարած են։ Առաջրակը սեղանի վրայ է»։

«Հակառակ հանրապետականներէ ճնշումներու‚ Պարաք Օպաման մերժեց վարձել երիտասարդ ամերիկացիներ, խողովակաշարի մը իրագործման ի խնդիր, մեռնելու ղրկելու։ Օպամա իմաստուն կերպով անտեսեց հանրապետականներուն պահանջը Սուրիոյ մէջ ցամաքային ուժեր տեղակայելու կամ յաւելեալ ֆինանսաւորում տրամադրելու «չափաւորական ըմբոստներուն»։ Սակայն 2011-ի վերջաւորութեան‚ հանրապետական ճնշումը եւ մեր սիւննի դաշնակիցները ամերիկեան կառավարութիւնը նեղի մատնած էին։

«2011-ին Միացեալ Նահանգներ միացաւ Ֆրանսայի‚ Քաթարի‚ Սէուտական Արաբիոյ‚ Թուրքիոյ եւ Բրիտանիոյ՝ կազմելու համար Սուրիոյ բարեկամներու դաշինքը‚ որ պաշտօնապէս պահանջեց Ասատի իշխանութենէն հեռացումը։ «Սի.Այ.Էյ.»-ը բրիտանական պատկերասփիւռի «Պարատա» կայանին տրամադրեց 6 միլիոն տոլար Ասատի հեռացումը աղերսող գործեր պատրաստելու։ Սէուտական գաղտնի սպասարկութեան փաստաթուղթեր‚ որոնք հրատարակուած են «Ուիքիլիքս»-ի կողմէ‚ ցոյց կու տան‚ որ 2012-ին Թուրքիան‚ Քաթարը եւ Սէուտական Արաբիան արդէն կը զինէին‚ կը մարզէին եւ կը ֆինանսաւորէին Սուրիայէն‚ Իրաքէն եւ այլ տեղերէ եկած արմատական ժիհատական սիւննի զինեալները՝ տապալելու համար Ասատի շիիներու դաշնակից վարչակարգը։ Քաթար‚ որ ամէնէն աւելի շահը պիտի ապահովէր‚ ըմբոստութիւնը յառաջացնելու համար 3 միլիառ տոլար ներդրաւ եւ Փենթակոնը հրաւիրեց մարզելու Քաթարի ամերիկեան ռազմակայաններուն մէջ»։ Ըստ Սէյմուր Հըրշի կողմէ գրուած Ապրիլ 2014 թուակիր յօդուածի մը‚ «Սի.Այ.Էյ.»-ի զէնքերու մատակարարումը ֆինանսաւորուած էր Թուրքիոյ‚ Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի կողմէ։

«Սիւննի-շիի քաղաքացիական պատերազմ հրահրելու նպատակը՝ սուրիական եւ իրանեան վարչակարգերը տկարացնելն էր‚ որպէսզի շրջանի նաւթաքիմիական հարստութիւններուն վրայ վերահսկողութիւն պահպանուի‚ ինչ որ Փենթակոնի համար նոր գաղափար մը չէր։ 2008-ին Փենթակոնի ֆինանսաւորումով դատապարտելի «Ռանտ» զեկուցում մը կը պատրաստուէր՝ տեղի ունենալիքին ճշգրիտ պատկերը պարզաբանելու։ Այդ զեկուցումը կը նշէ‚ որ Պարսից ծոցի նաւթի եւ կազի հարստութեանց վերահսկողութիւնը, Միացեալ Նահանգներու համար, պիտի մնայ «ռազմավարական առաջնահերթութիւն մը»‚ որ «ուժեղ կերպով պիտի հակասէ երկար պատերազմի հետապնդման»։ «Ռանտ» յանձնարարեց օգտագործել «ընդյատակեայ գործունէութիւն‚ տեղեկահաւաքի գործողութիւններ՝ ոչ աւանդական պատերազմ» կիրարկելու համար՝ «բաժնէ որ տիրես»-ի ռազմավարութեամբ։ «Միացեալ Նահանգներն ու անոր տեղական դաշնակիցները կրնան ազգայնական ժիհատականները օգտագործել՝ իրենց շահերը հետապնդող գործողութիւն մը շղթայազերծելու համար» եւ «Միացեալ Նահանգներու ղեկավարները կրնան նաեւ շիի-սիւննի շարունակական հակամարտութիւնը օգտագործել, կանգնելով սիւննի պահպանողական վարչակարգերուն կողքին, ընդդէմ շիիներու զօրացման շարժումներուն… հաւանաբար նաեւ զօրակցելով մենատիրական սիւննի կառավարութիւններուն՝ ընդդէմ յարատեւ թշնամի Իրանի»։

«Նախատեսուածին նման‚ օտարներու ստեղծած ճգնաժամին դէմ Ասատին չափազանցուած հակազդեցութիւնը՝ սիւննի կեդրոններու վրայ տակառէ ռումբեր նետելն ու քաղաքայիններ սպաննելը‚ Սուրիոյ շիի-սիւննի յարաբերութիւնները բեւեռացուց եւ ամերիկացի քաղաքագէտներուն արտօնեց ամերիկացիներուն մօտ առաջացնել այն համոզումը‚ թէ խողովակաշարի շուրջ պայքարը մարդասիրական պատերազմ մըն է։ Երբ սուրիական բանակին սիւննի զինուորները 2013-ին սկսան դասալիք դառնալ‚ արեւտմեան դաշինքը Սուրիական ազատ բանակը զինեց՝ Սուրիան առաւել եւս ապակայունացնելու համար։ Սուրիական ազատ բանակը իբրեւ սուրիացի չափաւորականներու միացեալ ջոկատներ նկարագրումը մամուլին կողմէ՝ խաբեպատիր է։ Լուծարուած ուժերը վերախմբուեցան հարիւրաւոր անկախ գունդերու մէջ‚ որոնց մեծամասնութիւնը կը գտնուէին ժիհատական զինեալներու հրամանատարութեան տակ կամ դաշնակցած էին անոնց հետ‚ որոնք ամէնէն յանձնառու եւ ազդու զինեալներն էին։ Մինչ այդ Իրաքի մէջ գտնուող Քայիտայի բանակները Իրաքէն կ’անցնէին Սուրիա եւ կը միանային Սուրիական ազատ բանակի դասալիքներուն‚ որոնցմէ շատերը մարզուած ու զինուած էին Միացեալ Նահանքներու կողմէ։

«Հակառակ լրատուամիջոցներու կողմէ ներկայացուած բռնատէր Ասատի դէմ չափաւորական արաբներու ըմբոստութեան պատկերին՝ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան պատասխանատուները սկիզբէն գիտէին‚ որ իրենց խողովակաշարի գործակալները արմատական ժիհատականներ են‚ որոնք հաւանաբար իրենց համար իսլամական նոր խալիֆայութիւն մը հաստատեն Սուրիոյ եւ Իրաքի սիւննի շրջաններուն մէջ։ ՏԱՀԵՇ-ի մարդ մորթողները երկու տարի առաջ աշխարհի վրայ յայտնուեցան։ Աջակողմեան «Judicial Watch» խմբակին կողմէ ձեռք բերուած 12 Օգոստոս 2012 թուակիր Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկահաւաքի գործակալութեան կողմէ եօթ էջերէ բաղկացած ուսումնասիրութիւն մը‚ զգուշացուց‚ որ շնորհիւ Միացեալ Նահանգներ-սիւննի դաշինքին արմատական սիւննի ժիհատականներուն աջակցութեան սալաֆականները‚ Իսլամ եղբայրները եւ ՏԱՀԵՇ-ը Սուրիոյ մէջ ըմբոստութեան մղում տուող գլխաւոր ուժերն են»: Ամերիկեան եւ Ծոցի պետական ֆինանսաւորումը օգտագործելով՝ այդ խմբակները Պաշշար Ասատի դէմ խաղաղ ցոյցերը դէպի «յստակ յարանուանական (շիի ընդդէմ սիւննի) ուղղութիւն տարին»։ Փաստաթուղթը կը նշէ‚ որ հակամարտութիւնը վերածուած է յարանուանական քաղաքացիական պատերազմի մը‚ որուն կ’աջակցին սիւննի «կրօնական եւ քաղաքական ուժերը»։ Զեկուցումը սուրիական հակամարտութիւնը կը ներկայացնէ իբրեւ շրջանի հարստութիւններուն տիրելու համար համաշխարհային պատերազմ՝ մէկ կողմէ «արեւմուտքը‚ Ծոցի երկիրներն ու Թուրքիան կ’աջակցին (Ասատի) ընդդիմութեան‚ իսկ միւս կողմէ Ռուսիան‚ Չինաստանն ու Իրանը կ’աջակցին վարչակարգին»։ Եօթը էջերէ բաղկացած զեկուցումին փենթակոնեան հեղինակները կը թուին զօրակցիլ ՏԱՀԵՇ-ի խալիֆայութեան տեսակէտին։ «Եթէ կացութիւնը փուլ գայ‚ գոյութիւն ունի արեւելեան Սուրիոյ մէջ (Հասաքէ եւ Տէր Զօր) յայտարարուած կամ չյայտարարուած սալաֆական էմիրութեան մը հաստատման կարելիութիւնը, եւ ընդդիմութեան աջակցող ուժերը ճիշդ այդ կ’ուզեն՝ մեկուսացնելու համար սուրիական վարչակարգը»։ Փենթակոնի զեկուցումը կը զգուշացնէ‚ որ այս նոր էմիրութիւնը կրնայ իրաքեան սահմանը անցնելով հասնիլ Մուսուլ եւ Ռամատի եւ «յայտարարէ իսլամական պետութիւն մը՝ միանալով Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ այլ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու»։

«Անշուշտ‚ ասիկա ճիշդ պատահածն է։ Զուգադիպութիւն չէ‚ որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ բռնագրաւուած Սուրիոյ շրջանները կը ներառեն քաթարեան խողովակաշարի առաջարկուած ճամբան։

«Սակայն օրին՝ 2014-ին, մեր սիւննի գործակալները ամերիկացի ժողովուրդը սարսափեցուցին գլխատումներ կատարելով եւ միլիոնաւոր տեղահանուածներ դէպի Եւրոպա մղելով։ 2004-էն 2008 «Էֆ.Պի.Այ.»-ի Joint Terrorism Task Force-ի նախագահ եւ Իրաքի մէջ «Էֆ.Պի .Այ.»-ի‚ իրաքեան ոստիկանութեան եւ ամերիկեան բանակին միջեւ իբրեւ կապ ծառայած Թիմ Քլեմենթէ հարցազրոյցի մը ընթացքին ինծի ըսաւ. «Թշնամիիս թշնամին բարեկամս է» գաղափարին վրայ հիմնուած ռազմավարութիւնները կրնան կուրցնել։ Նոյն սխալը գործեցինք‚ երբ Աֆղանիստանի մէջ մուժահիտունները մարզեցինք։ Ռուսերը հեռացան‚ մեր ենթադրեալ բարեկամները սկսան հնագիտական իրեր փշրել‚ կիներ գերեվարել‚ անդամահատումներ կատարել եւ մեր վրայ կրակել»։

«Երբ ՏԱՀԵՇ-ի «Ժիհատական Ճոն»-ը սկսաւ պատկերասփիւռի վրայ բանտարկեալներ սպաննել‚ Սպիտակ տունը շրջդարձ կատարեց‚ սկսաւ նուազ խօսիլ Ասատի տապալման մասին եւ աւելի խօսիլ շրջանային կայունութեան մասին։ Օպամայի վարչակազմը սկսաւ հեռաւորութիւն պահել իր ֆինանսաւորած ըմբոստութենէն։ Սպիտակ տունը մեղադրականօրէն մատնացոյց ըրաւ մեր դաշնակիցները։ 3 Հոկտեմբեր 2014-ին‚ փոխնախագահ Ճօ Պայտըն Հարվըրտի Քաղաքականութեան հիմնարկի «Ճոն Ֆ. Քենետի» համախմբումին մէջ ուսանողներու ըսաւ. «Շրջանին մէջ մեր դաշնակիցները Սուրիոյ մէջ մեծագոյն հարցն են»։ Ան բացատրեց‚ որ Թուրքիան‚ Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները «Ասատը տապալելու այնքան վճռած են»‚ որ «շիի-սիւննի անուղղակի պատերազմ» մը շղթայազերծեցին՝ «հարիւրաւոր միլիոն տոլարներ եւ տասնեակ հազար թոն զէնքեր մատակարարելով որեւէ մէկուն‚ որ կը կռուի Ասատի դէմ։ Մատակարարուող անձերուն կողքին էին Ժապհաթ Նուսրան եւ Քայիտան»‚ երկու խմբաւորումները 2014-ին իրարու միանալով ստեղծեցին ՏԱՀԵՇ-ը։ Պայտըն կը թուի ջղայնացած ըլլալ‚ որ մեր վստահելի «բարեկամները» ամերիկեան օրակարգին հետեւելու հարցով այնքան ալ վստահելի չեն»։

«Միջին Արեւելքի տարածքին արաբ ղեկավարներ կանոնաւոր կերպով Միացեալ Նահանգները կ’ամբաստանեն ՏԱՀԵՇ-ը ստեղծած ըլլալու հարցով։ Ամերիկացիներու մեծամասնութեան համար այդ ամբաստանութիւնները ցնորամտութիւն կը թուին։ Սակայն բազմաթիւ արաբներու համար ամերիկեան մեղսակցութեան փաստերը այնքան առատ են‚ որ անոնք կ’եզրակացնեն‚ թէ ՏԱՀԵՇ-ի յայտնութեան մէջ մեր դերակատարութիւնը դիտաւորեալ եղած է։

«Իրողութեան մէջ ՏԱՀԵՇ-ի բազմաթիւ զինեալներ եւ անոնց հրամանատարները գաղափարական եւ կազմակերպական ժառանգորդներն են այն ժիհատականներուն‚ որոնց անցնող աւելի քան 30 տարուան ընթացքին Սուրիայէն մինչեւ Եգիպտոս‚ Աֆղանիստան եւ Իրաք կը սնուցանէր «Սի.Այ. Էյ.»-ը։

«Նախքան ամերիկեան ներխուժումը‚ Սատտամ Հուսէյնի իշխանած Իրաքին մէջ Քայիտա գոյութիւն չունէր։ Նախագահ Ճորճ Ու. Պուշ քանդեց Սատտամի աշխարհիկ կառավարութիւնը‚ իսկ իր պատուիրակը՝ Փօլ Պրեմըրը, բացառիկ ապիկարութեամբ մը ստեղծեց սիւննի բանակը‚ որ ներկայիս կը կոչուի ՏԱՀԵՇ։ Պրեմըր շիիները հասցուց իշխանութեան եւ Սատտամի իշխանաւորող Պաաս կուսակցութիւնը պաշտօնէ արձակելով՝ շուրջ 700.000 մեծամասնութեամբ սիւննի պետական եւ կուսակցական պաշտօնատարներ՝ նախարարներէ մինչեւ դպրոցի ուսուցիչներ պաշտօնանկ ըրաւ։ Ան ապա լուծարեց 380.000 զինուորներէ բաղկացած բանակը‚ որուն 80 առ հարիւրը սիւննի էր։ Պրեմըրի քայլերը միլիոնաւոր իրաքցի սիւննիներ զրկեց իրենց կալուածներէն‚ հարստութենէն եւ իշխանութենէն՝ իր ետին ձգելով զայրացած‚ ուսեալ, կարող‚ մարզուած եւ լաւապէս զինուած սիւններու յուսահատ ու նուաստացեալ դասակարգ մը‚ որ ոչինչ ունի կորսնցնելիք։ Սիւննի ըմբոստութիւնը ինքզինք կոչեց Իրաքի մէջ Քայիտա։ 2011-էն սկսեալ մեր դաշնակիցները հովանաւորեցին Իրաքի մէջ Քայիտայի զինեալներուն ներխուժումը Սուրիա։ Ապրիլ 2013-ին‚ Սուրիա մուտք գործելէ ետք‚ Իրաքի մէջ Քայիտան իր անունը փոխեց ՏԱՀԵՇ-ի։ Ըստ «Նիւ Եորքըր»-էն Տեքսթըր Ֆիլքինզի‚ «ՏԱՀԵՇ կը ղեկավարուի նախկին իրաքցի զօրավարներու խորհուրդի մը կողմէ… Անոր անդամներէն շատեր Սատտամ Հուսէյնի աշխարհիկ Պաաս կուսակցութեան անդամներ էին‚ որոնք ամերիկեան բանտերու մէջ որդեգրեցին արմատական իսլամութիւնը»։ Օպամայի Սուրիա ուղարկած 500 միլիոն տոլար արժողութեամբ օժանդակութիւնը գրեթէ հաստատ կերպով անցաւ այդ զինեալ ժիհատականներուն ձեռքը։ «Էֆ.Պի.Այ.»-ի միացեալ ուժի նախկին ատենապետ Թիմ Քլեմենթէ ըսաւ‚ որ Իրաքի եւ Սուրիոյ հակամարտութիւններուն տարբերութիւնը սուրիացի միլիոնաւոր զինուորագրման տարիքի անհատներն են‚ որոնք պատերազմի դաշտէն փախուստ կու տան դէպի Եւրոպա՝ փոխան մնալով իրենց համայնքները պաշտպանելու։ Անմիջական բացատրութիւնը այն է‚ որ երկրին չափաւորականները փախուստ կու տան պատերազմէ մը‚ որ իրենցը չէ։ Անոնք պարզապէս կ’ուզեն խուսափիլ Ասատի ռուսական աջակցութիւն վայելով բռնատիրութեան սալին եւ չարակամ ժիհատական սիւննիներու նալին միջեւ ճզմուելէ‚ որուն մէջ մենք մատ ունինք՝ մրցակից խողովակաշարերու շուրջ համաշխարհային պատերազմ մը ստեղծելով։ Չէք կրնար սուրիացի ժողովուրդը այպանել Ուաշինկթընի կամ Մոսկուայի կողմէ իրենց ժողովուրդին հրամցուածը մերժելնուն համար։ Գերտէրութիւնները չեն կրցած իտէալական պատերազմի մը տպաւորութիւնը ձգել‚ որուն համար չափաւորական սուրիացիները պատրաստ պիտի ըլլային կռուելու։ Ուստի‚ ոչ ոք կ’ուզէ խողովակաշարի մը համար մեռնիլ։

***

Ի՞նչ է լուծումը։ Եթէ մեր նպատակը Միջին Արեւելքի մէջ երկարատեւ խաղաղութիւն‚ արաբ ժողովուրդներու ինքնակառավարում եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ ազգային անվտանգութիւնն է՝ պէտք է շրջանին մէջ նոր միջամտութիւն մը կատարենք՝ նկատի ունենալով պատմութիւնը եւ անոր դասերէն օգտուելով: Միայն երբ մենք՝ ամերիկացիներս, այս հակամարտութեան պատմական ու քաղաքական դրդապատճառները հասկնանք՝ մեր ղեկավարներուն որոշումներուն պատշաճ վերահսկողութիւն կրնանք կատարել։ 2003-ին Սատտամ Հուսէյնի դէմ մեր պատերազմին աջակցութեան համար օգտագործած նոյն պատկերներն ու լեզուն օգտագործելով՝ մեր քաղաքական ղեկավարները ամերիկացիները մղեցին հաւատալու‚ թէ Սուրիոյ մէջ մեր միջամտութիւնը բռնատիրութեան‚ ահաբեկչութեան եւ կրօնական ծայրայեղականութեան դէմ իտէալապաշտական պատերազմ մըն է։ Հակամէտ ենք անտեսելու տեսակէտները այն արաբներուն‚ որոնք ներկայ տագնապը կը նկատեն խողովակաշարերու եւ աշխարհաքաղաքականութեան հին դաւերու վերարտադրում։ Սակայն‚ եթէ ազդու արտաքին քաղաքականութիւն պիտի ունենանք՝ պէտք է ընդունինք‚ որ սուրիական հակամարտութիւնը հարստութիւններու վերահսկողութեան շուրջ պատերազմ մըն է‚ որ կարելի չէ զատորոշել ամբողջ 65 տարիներու ընթացքին Միջին Արեւելքի մէջ մեր մղած նաւթի շուրջ ընյատակեայ եւ չյայտարարուած պատերազմներէն։ Երբ այս հակամարտութիւնը դիտենք որպէս անուղղակի պատերազմ՝ դէպքերը հասկնալի կը դառնան։ Ատիկա միակ ձեւն է‚ որ կը բացատրէ‚ թէ ինչո՛ւ Քափիթըլ Հիլի մէջ եղող Հանրապետական կուսակցութիւնն ու Օպամայի վարչակազմը չեն կրնար պատերազմը մղելու համար չափաւորական սուրիացիներ գտնել‚ ինչո՛ւ ՏԱՀԵՇ ռուսական ճամբորդատար օդանաւ մը պայթեցուց‚ ինչո՛ւ սէուտցիները ազդեցիկ շիի կրօնաւոր մը մահապատիժի ենթարկեցին պատճառ դառնալով‚ որ Թեհրանի մէջ իրենց դեսպանատունը հրկիզուի‚ ինչո՛ւ ռուսերը կը ռմբակոծեն ՏԱՀԵՇ-ի անդամ չեղող զինեալներ, եւ ինչո՛ւ Թուրքիան ռուսական պատերազմական օդանաւը վար առնելու չափազանցուած քայլին դիմեց։ Ներկայիս միլիոնաւոր տեղահանուածները‚ որոնք Եւրոպան կ’ողողեն՝ խողովակաշարի մը շուրջ պատերազմին եւ «Սի.Այ.Էյ.»-ի ձախորդութեան պատճառաւ տեղահանուածներն են։

«Քլեմենթէ ՏԱՀԵՇ-ը կը բաղդատէ Քոլոմպիոյ ՖԱՐՔ-ին հետ (թմրեցուցիչի աւազակախումբ մը‚ որ իր հետեւակները համոզելու համար յեղափոխական գաղափարախօսութիւն մը ունի)։ «ՏԱՀԵՇ-ը պէտք է նկատես նաւթի աւազակախումբ մը»‚ ըսաւ Քլեմենթէ՝ աւելցնելով. «Վերջ ի վերջոյ գլխաւոր միտք բանին դրամն է։ Կրօնական գաղափարախօսութիւնը գործիք մըն է‚ որ կ’ոգեւորէ իր զինուորները՝ իրենց կեանքերը զոհերու նաւթի աւազակախումբի մը համար»։

«Անգամ մը‚ որ այս հակամարտութիւնը իր մարդասիրական կեղեւէն մերկացնենք եւ սուրիական հակամարտութիւնը ճանչնանք իբրեւ նաւթի պատերազմ՝ մեր արտաքին քաղաքականութեան ռազմավարութիւնը կը յստականայ։ Դէպի Եւրոպա փախուստ տուող սուրիացիներուն նման՝ ոչ մէկ ամերիկացի կ’ուզէ իր զաւակը խողովակաշարի մը համար մեռնելու ուղարկել։ Փոխարէնը մեր գլխաւոր առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ այն, որ ոչ ոք կը քաջալերէ հրաժարիլ Միջին Արեւելքի նաւթի մեր ախորժակներէն‚ նկատի ունենալով որ Միացեալ Նահանգներ ուժանիւթային առումով աւելի անկախ կը դառնայ այս պարագային։ Ապա պէտք է նկատառելի կերպով նուազեցնենք Միջին Արեւելքի մէջ մեր զինուորական ներկայութիւնը եւ ձգենք, որ արաբները կառավարեն Արաբիան։ Մարդասիրական օժանդակութենէն եւ Իսրայէլի սահմաններուն անվտանգութիւնը երաշխաւորելէ բացի՝ Միացեալ Նահանգները այս հակամարտութեան մէջ որեւէ օրինական դերակատարութիւն չունին։ Մինչ փաստերը կը հաստատեն‚ որ այս հակամարտութեան ստեղծման մէջ դեր ունեցանք՝ պատմութիւնը ցոյց կու տայ‚ որ զայն լուծել գրեթէ անկարող ենք։

«Մինչ կը խորհրդածենք պատմութեան վրայ՝ ապշեցուցիչ է տեսնել Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր մեր երկրին Միջին Արեւելքի մէջ իւրաքանչիւր բիրտ միջամտութիւն ինչպէս հաստատ կերպով չարաչար ձախողած է եւ ահաւոր հետեւանքներ ունեցած։ 1997-ին Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան մէկ զեկուցումը յայտնեց‚ թէ «Տուեալները ցոյց կուտան արտասահմանի մէջ ամերիկեան ներկայութեան եւ Միացեալ Նահանգներու դէմ ահաբեկչական յարձակումներու աճին միջեւ զօրաւոր կապակցութիւն մը»։ Պէտք է ընդունինք‚ թէ այն ինչ որ «ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ» կը կոչենք, իսկութեան մէջ պարզապէս նաւթի պատերազմ է։ Արտասահմանի մէջ երեք պատերազմներուն եւ նաւթի մարզի գործիչ Տիք Չինիի 2001-ին «Երկար պատերազմ» յայտարարելէն ի վեր 6 եռիլիոն մսխած ենք։ Միակ օգտուողները եղած են ռազմական ճարտարարուեստի եւ նաւթի ընկերութիւնները‚ որոնք հսկայական շահեր ապահոված են‚ ինչպէս նաեւ գաղտնի սպասարկութիւնները եւ ժիհատականներ‚ որոնք անվարան կերպով մեր միջամտութիւնները օգտագործած են իբրեւ զինուորագրման ամէնէն ազդու գործիքը։ Մեր արժէքները խաթարած ենք‚ մեր երիտասարդութեան մահուան պատճառ դարձած‚ հարիւր հազարաւոր անմեղ մարդիկ սպաննած‚ մեր իտէալապաշտութիւնը տապալած եւ մսխած մեր ազգային հարստութիւնները արտասահմանի մէջ ապարդիւն եւ սուղ արկածախնդրութիւններու համար։ Այդ ընթացքին օգնած ենք մեր յոռեգոյն թշնամիներուն եւ ատենօք ազատութեան փարոս եղող Ամերիկան վերածած՝ ազգային անվտանգութեան հսկողութեան եւ միջազգային բեմի վրայ բարոյականութեան մարզի մէջ մերժելի մը։

«Ամերիկայի հիմնադիր հայրերը զգուշացուցին ամերիկացիները պատրաստ բանակներէ‚ արտաքին խառնշտկումներէ եւ‚ Ճոն Քուինսի Ատամզի խօսքերով՝ «ոչնչացնելու նպատակով արտասահմանի մէջ հրէշներ փնտռելու մեկնելէ»։ Այդ իմաստուն մարդիկը հասկցան‚ որ արտասահմանի մէջ կայսերապաշտութիւնը անհամատեղելի է ներքին ժողովրդավարութեան եւ քաղաքացիական իրաւունքներուն հետ։ Ատլանտեան ուխը կրկնեց ամերիկեան գաղափարախօսութիւնը‚ թէ իւրաքանչիւր ժողովուրդ պէտք է ինքնորոշման իրաւունք ունենայ։ Անցնող եօթը տասնամեակներուն ընթացքին՝ Տալլես եղբայրները‚ Չինիները‚ նոր պահպանողականներն ու անոնց նմանները առեւանգեցին այդ ամերիկեան իտէալապաշտութեան հիմնարար սկզբունքը, եւ մեր բանակն ու գաղտնի սպասարկութիւնը օգտագործեցին այդ հակամարտութիւններէն հսկայական շահեր ապահոված մեծ ընկերութիւններու եւ մասնաւորաբար նաւթի ընկերութիւններուն եւ ռազմական ճարտարարուեստի ընկերութիւններուն առեւտրական շահերուն ծառայելու։

«Ժամանակն է‚ որ ամերիկացիները Ամերիկան այս նոր կայսերապաշտութենէն ետ մղեն դէպի իտէալապաշտութիւն եւ ժողովրդավարութիւն։ Պէտք է ձգենք‚ որ արաբները կառավարեն Արաբիան‚ եւ մեր ներուժը օգտագործենք մեր երկրին մէջ նոր հիմունքներով պետութեան կառուցման մեծ առաքելութեան։ Պէտք է այս հոլովոյթին ձեռնարկենք‚ ոչ թէ ներխուժելով Սուրիա‚ այլ՝ վերջ տալու նաւթի այս կործանարար մոլութեան‚ որ կէս դարէ ի վեր վարակած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը»։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.