Ինչո՞ւ արաբները Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայութիւնը չեն ուզեր

 

Ա. Մաս.

Ամերիկացի փաստաբան է եւ քաղաքական գործիչ Ռապըրթ Ֆ. Քենետի կրտսեր (Robert F. Kennedy Junior) զաւակն է Ամերիկայի նախագահ Ճոն Քենետիի եղբօր՝ ծերակուտական Ռապըրթ «Պապի» Քենետիի։ Յօդուածագիրը համապարփակ ձեւով կը ներկայացնէ ԱՄՆ քաղաքականութեան բացասական անդրադարձը ՄԻջին Արեւելքի մէջ։ Յօդուածագիրը հեղինակ է նաեւ շարք մը գիրքերու, որոնց շարքին՝ Crimes Against Nature: How George W. Bush and His Corporate Pals Are Plundering the Country and Highjacking Our Democracy։ Այս յօդուածը լոյս տեսած է politico.com կայքէջին վրայ։

Ինչո՞ւ արաբները Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայութիւնը չեն ուզեր

«Մասամբ որովհետեւ հայրս սպաննուած էր արաբի մը կողմէ‚ ջանք թափած եմ հասկնալու Միջին Արեւելքի վրայ ամերիկեան քաղաքականութեան ազդեցութիւնը եւ մասնաւորաբար այն ազդակները‚ որոնք երբեմն դրդապատճառ կը դառնան իսլամական աշխարհին կողմէ մեր երկրին դէմ արիւնալի հակադարձութիւններու։ Մինչ մեր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնենք ՏԱՀԵՇ-ի վրայ եւ կը փնտռենք Փարիզի եւ Սան Պեռնանտինոյի մէջ բազմաթիւ անմեղ զոհեր պատճառած բարբարոսութեան դրդապատճառը‚ պէտք է կրօնքի եւ գաղափարախօսութեան դիւրին բացատրութիւններէն անդին նայիլ։ Փոխարէնը պէտք է քննենք պատմութեան եւ նաւթի աւելի բարդ տրամաբանութիւնները, եւ թէ ինչպէ՛ս անոնք մեղադրութեան սլաքը կը շրջեն դէպի մեր սեփական ափերը։

«Ամերիկայի Սուրիոյ մէջ բիրտ միջամտութիւններու անհամ ցուցակը‚ որուն ծանօթ չէ ամերիկացի ժողովուրդը‚ սակայն սուրիացի ժողովուրդը անոր քաջածանօթ է‚ բեղուն ենթահող պատրաստեց բիրտ իսլամական ժիհատականութեան‚ որ ներկայիս կը բարդացնէ ՏԱՀԵՇ-ի մարտահրաւէրը դիմագրաւելու մեր կառավարութեան կողմէ որեւէ ազդու քայլ։ Մինչեւ այն ատեն որ ամերիկեան հասարակութիւնն ու քաղաքականութիւն մշակողները այս անցեալէն անտեղեակ կը մնան‚ յաւելեալ միջամտութիւնները կրնան բարդացնել տագնապը։ Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրին այս շաբաթ Սուրիոյ մէջ «ժամանակաւոր» զինադադար մը յայտարարեց։ Սակայն նկատի ունենալով որ Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու ազդեցութիւնն ու վարկը տկար են‚ եւ զինադուլը չի ներառեր ՏԱՀԵՇ-ն ու Ժապհաթ Նուսրան‚ լաւագոյն պարագային անկատար զինադուլ մը պիտի ըլլայ։ Նոյն ձեւով՝ նախագահ Օպամայի Լիպիոյ մէջ զինուորական յաւելեալ միջամտութիւնը (ամերիկեան օդանաւեր անցեալ շաբաթ թիրախ դարձուցին ՏԱՀԵՇ-ի մարզումի ճամբար մը) աւելի հաւանական է‚ որ զօրացնէ արմատականները, քան՝ տկարացնէ։ Ճիշդ այնպէս ինչպէս «Նիւ Եորք Թամզ»-ը 8 Դեկտեմբեր 2015-ին իր առաջին էջով հաղորդեց՝ ՏԱՀԵՇ-ի քաղաքական ղեկավարներն ու ռազմավարները կը ծրագրեն ամերիկեան զինուորական միջամտութիւն մը հրահրել, որովհետեւ անոնք փորձառութենէ մեկնած գիտեն‚ որ այդ մէկը իրենց շարքերը պիտի ողողէ կամաւորներով‚ խեղդէ չափաւորութեան ձայները եւ իսլամական աշխարհը միացնէ Ամերիկայի դէմ։

Այդ մէկը հասկնալու համար պէտք է պատմութիւնը դիտենք սուրիացիներու տեսանկիւնէն եւ մասնաւորաբար՝ ներկայ հակամարտութեան սերմերը։ 2003-ի Իրաք մեր ներխուժումի ժամանակ, ներկայիս ՏԱՀԵՇ-ի փոխակերպուած սիւննի ըմբոստութիւն մը յառաջացնելէն շատ առաջ, «Սի.Այ.Էյ.»-ը բիրտ ժիհատականութիւնը սնուցած էր որպէս Պաղ պատերազմի զէնք եւ թունաւորած էր ամերիկեւսուրիական յարաբերութիւնները։

«Այդ մէկը չպատահեցաւ առանց ներքին վէճի։ Յուլիս 1957-ին‚ Սուրիոյ մէջ «Սի.Այ.Էյ.»-ի կողմէ յեղաշրջումի ձախող փորձէ մը ետք‚ հօրեղբայրս՝ ծերակուտական Ճոն Ֆ. Քենետին զայրացուց Այզընհաուրի վարչակազմը‚ երկու քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարները եւ մեր եւրոպացի դաշնակիցները՝ արաբական աշխարհի ինքնակառավարման իրաւունքին եւ արաբական երկիրներու մէջ Ամերիկայի աշխարհակալական միջամտութիւններուն վերջ տալու կոչ ուղղող կարեւոր ճառով մը։ Ամբողջ կեանքիս ընթացքին‚ եւ մասնաւորաբար դէպի Միջին Արեւելք իմ յաճախակի ճամբորդութիւններուս ընթացքին‚ բազմաթիւ արաբներ գնահատանքով կը յիշեն այդ ճառը‚ իբրեւ Միացեալ Նահանգներէն իրենց ակնկալած իտէալապաշտութեան ամենէն յստակ յայտարարութիւնը։ Քենետիի ճառը կոչ մըն էր Ամերիկան վերստին յանձնառու դարձնելու այն բարձր արժէքներուն‚ զորս մեր երկիրը կը ջատագովէր Ատլանտեան ուխտին մէջ. պաշտօնական խոստում մը‚ թէ նախկին եւրոպական գաղութատիրութիւնները Համշախարհային Բ. պատերազմէն ետք ինքնորոշման իրաւունք պիտի ունենան։ Ֆրանքլին Տ. Ռուզվելթ Ուինսթըն Չըրչիլի եւ այլ դաշնակից ղեկավարներու ստիպած էր 1941-ին ստորագրել Ատլանտեան ուխտը՝ իբրեւ նախապայման ֆաշիզմի դէմ եւրոպական պատերազմին Միացեալ Նահանգներու աջակցութեան։

«Սակայն մեծ մասամբ շնորհիւ Ալլեն Տալեսի եւ «Սի.Այ.Էյ.»-ի‚ որուն արտաքին քաղաքական դաւերը յաճախ կը հակասէին մեր երկրին յայտարարած քաղաքականութիւններուն‚ Ատլանտեան ուխտին մէջ նշուած իտէալական ուղին չառնուեցաւ։ 1957-ին‚ մեծ հայրս՝ դեսպան Ճոզեֆ Փ. Քենետի‚ նախագահեց գաղտնի յանձնախումբ մը‚ որուն նպատակն էր հետաքննել Միջին Արեւելքի մէջ «Սի.Այ.Էյ.»-ի ընդյատակեայ գործունէութիւնը։ Այսպէս կոչուած «Պրուս-Լովեթ զեկուցում»-ը‚ որ ինք եւս ստորագրած էր‚ բացայայտեց Յորդանանի‚ Սուրիոյ‚ Իրանի եւ Եգիպտոսի մէջ «Սի.Այ.Էյ.»-ի յեղաշրջում կատարելու դաւերը‚ որոնց բոլորին քաջածանօթ էր ամբողջ արաբական հասարակութիւնը‚ սակայն որոնց գրեթէ անծանօթ էր ամերիկացի ժողովուրդը‚ որ երեւոյթներէ դատելով կը հաւատար իր կառավարութեան հերքումներուն։ Զեկուցումը «Սի.Այ.Էյ.»-ը մեղադրեց համատարած հակաամերիկականութեան համար‚ որ օրին խորհրդաւոր կերպով արմատ նետեց «ներկայ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ»։ «Պրուս-Լովեթ զեկուցում»ը նշեց‚ որ այսպիսի միջամտութիւններ կը հակասեն ամերիկեան արժէքներուն եւ առանց ամերկացի ժողովուրդի գիտութեան վնաս պատճառած են Ամերիկայի միջազգային ղեկավարութեան եւ բարոյական իշխանութեան։ Զեկուցումը նաեւ ըսաւ‚ որ «Սի.Այ.Էյ.»-ը երբեք չէ մտածած‚ թէ ինչպէ՛ս պիտի վարուէր այսպիսի միջամտութիւններու հետ‚ եթէ օտար կառավարութիւն մը զայն կատարէր մեր երկրին մէջ։

«Այս է այն միջամտութիւններուն արինալի պատմութիւնը, որ Ճորճ Ու. Պուշի‚ Թետ Քրուզի եւ Մարքօ Ռուպիոյի նման արդի ջատագովներէն կը վրիպի‚ երբ կ’արտասանեն իրենց եսասիրական հանկերգը‚ թէ Միջին Արեւելքի ազգայնականները «մեզ կ’ատեն‚ մեր ազատութիւններուն համար»։ Մեծաւ մասամբ անոնք մեզ չեն ատեր այդ պատճառաւ‚ այլ՝ իրենց հողերուն վրայ այդ ազատութիւններուն‚ մեր քարոզած արժէքներուն դաւաճանութեան համար։

***

«Որպէսզի ամերիկացիները իսկապէս հասկնան‚ թէ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ‚ կարեւոր է‚ որ աչքէ անցընենք այս աղտոտ‚ սակայն քիչ յիշուող պատմութեան կարգ մը մանրամասնութիւնները։ 1950-ականներու ընթացքին նախագահ Ազընհաուրն ու Տալես եղբայրները՝ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ալլեն Տալըս եւ արտաքին գործոց նախարար Ճոն Ֆոսթըր Տալըս մերժեցին Միջին Արեւելքը Պաղ պատերազմին մէջ չէզոք պահելու եւ արաբներուն Արաբական աշխարհին իշխել արտօնելու համաձայնութեան մը սովետական առաջարկները։ Փոխարէնը անոնք շղթայազերծեցին ընյատակեայ պատերազմ մը ընդդէմ արաբական ազգայնականութեան‚ որ Ալլեն Տալըս համայնավարութեան համահաւասար կը նկատէր‚ մասնաւորաբար երբ արաբական ինքնակառավարումը կը սպառնար նաւթի մենաշնորհներուն։ Անոնք գաղտնի ամերիկեան զինուորական աջակցութիւն տրամադրեցին Սէուտական Արաբիոյ‚ Յորդանանի‚ Իրաքի եւ Լիբանանի մէջ բռնատէրերու՝ ունենալու համար խամաճիկներ‚ որոնք սովետական մարքսիզմի լաւագոյն դարման նկատուող պահպանողական ժիհատական գաղափարախօսներ էին։ Ըստ Այզընհաուրի անձնակազմի քարտուղար զօրավար Անտրիւ Ճ. Կուսփէյսթըրի կողմէ կատարուած արձանագրութեան մը‚ Սեպտեմբեր 1957-ին‚ «Սի.Այ.Էյ.»-ի ծրագրաւորման տնօրէն Ֆրանք Վայսըրի եւ Ճոն Ֆոսթըր Տալըսի հետ Սպիտակ տան մէջ ժողովի մը ընթացքին Այզընհարուը «Սի.Այ.Էյ.»-ի խորհուրդ տուած է. «Պէտք է կարելի ամէն բան ընենք՝ շեշտելու «սրբազան պատերազմ»-ի երեւոյթը։

«Սի.Այ.Էյ.»-ը Սուրիոյ մէջ իր գործօն միջամտութիւնը սկսաւ 1949-ին՝ գործակալութեան ստեղծումէն հազիւ մէկ տարի ետք։ Սուրիացի հայրենասէրներ նացիներուն դէմ պատերազմ յայտարարած էին եւ վտարած վիշիական ֆրանսացի գաղութատէրերը եւ ստեղծած ամերիկեան բնորդի վրայ հիմնուած ժողովրդավարութիւն մը։ Սակայն Մարտ 1949-ին‚ Սուրիոյ ժողովրդավարական հոլովոյթով ընտրուած նախագահ Շուքրի Քուաթլին տատամսեցաւ վաւերացնելու Անդրարաբեան խողովակաշարի ամերիկեան ծրագիրը‚ որուն նպատակը Սէուտական Արաբիոյ նաւթահորերը Սուրիոյ ճամբով միացնելն էր Լիբանանի նաւահանգիստներուն։ «Սի.Այ.Էյ.»-ի պատմաբան Թիմ Վայնըր իր Legacy of Ashes գիրքին մէջ կը նշէ‚ որ ամերիկեան խողովակաշարի ծրագրին նկատմամբ Քուաթլիի կեցուածքին հակադարձելով՝ «Սի.Այ.Էյ.»-ը անոր դէմ յեղաշրջում մը կազմակերպեց, օգտագործելով իր ընտրած բռնատէրը՝ դատարանի կողմէ դրամաշորթութեան յանցանքով դատապարտուած Հուսնի ալ-Զաաիմը։ Ան հազիւ ժամանակ ունեցած էր խորհրդարանը լուծարելու եւ ամերիկեան խողովակաշարի ծրագիրը վաւերացնելու‚ երբ իր հայրենակիցները անոր իշխանութեան գալէն 4‚5 ամիս ետք զինք տապալեցին։

«Նորաստեղծ ու անկայունացած երկրին մէջ հակայեղաշրջումներու շարքէ մը ետք‚ սուրիացի ժողովուրդը 1955-ին դարձեալ ժողովրդավարութեան հիմունքներով վերընտրեց ալ-Քուաթլին եւ իր Ազգայնական կուսակցութիւնը։ Ալ-Քուաթլի տակաւին Պաղ պատերազմի մէջ չէզոք դիրք ունէր‚ սակայն իր իշխանութենէն վտարման մէջ ամերիկեան մեղսակցութենէն վիրաւորուած կը հակի դէպի սովետական միասնութիւն։ Այդ դիրքորոշումը պատճառ դարձաւ‚ որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Տալըս յայտարարէ. «Սուրիան յեղաշրջումի համար հասունցած է» եւ իր երկու կախարդները՝ Քիմ Ռուզվելթը եւ Ռաքը Սթոնը ուղարկէ Դամասկոս։

«Անկէ երկու տարի առաջ Ռուզվելթ եւ Սթոն Իրանի մէջ ժողովրդավարական հոլովոյթով ընտրուած նախագահ Մոհամետ Մոսատտեղի դէմ յեղաշրջում կազմակերպած էին, եւ Մոսատտեղ փորձած էր վերստին բանակցիլ բրիտանական նաւթի հսկայ Անկլօ-իրանեան քարիւղի ընկերութեան (ներկայիս Պրիթիշ Փեթրոլիում) հետ Իրանի միակողմանիօրէն շահաւէտ պայմանագիրները։ Մոսատտեղ Իրանի 4000-ամեայ պատմութեան մէջ առաջին ընտրուած նախագահն էր եւ զարգացող աշխարհի տարածքին, որպէս ժողովրդավար, ժողովրդականութիւն վայելող մը։ Մոսատտեղ բոլոր բրիտանացի դիւանագէտները վտարեց‚ երբ յայտնաբերեց Պրիթիշ Փեթրոլիումի հետ դաւադրաբար աշխատող բրիտանական գաղտնի սպասարկութեան գործակալներու կողմէ յեղաշրջումի փորձը։ Մոսատտեղ‚ սակայն‚ մահացու սխալ մը գործեց, երբ մերժեց իր խորհրդատուներու աղաչանքները՝ վտարելու համար նաեւ «Սի.Այ.Էյ.»-ը‚ որ‚ ինչպէս ճիշդ կերպով կը կասկածէին‚ մեղասկից էր բրիտանական դաւին։ Մոսատտեղ իտէալականացուցած էր Միացեալ Նահանգները‚ իբրեւ Իրանի նոր ժողովրդավարութեան բնորդ եւ հեռու այսպիսի արարքներէ։ Հակառակ Տալլըսի դիմումներուն՝ նախագահ Հարրի Թրումըն «Սի.Այ.Էյ.»-ին արգիլած էր գործնական կերպով մաս կազմելու Մոսատտեղը տապալելու բրիտանական դաւին։ Երբ Այզընհաուր Յունուար 1953-ին դարձաւ նախագահ‚ ան անմիջապէս ընթացք տուաւ Տալլըսի։ «Էյճեքս» գործողութեան ճամբով Մոսատտեղը իշխանութենէն վտարելէ ետք‚ Սթոն եւ Ռուզվելթ իշխանութեան վրայ հաստատեցին շահ Ռեզա Փահլեւին‚ ով կը նախընտրէր նաւթի ամերիկեան ընկերութիւնները‚ սակայն «Սի.Այ.Էյ.»-ի հովանաւորութեամբ երկու տասնամեակ իր ժողովուրդին դէմ կատարած վայրագութիւնները ի վերջոյ 1979-ին յառաջացուցին իսլամական յեղափոխութիւնը‚ որ 35 տարիէ ի վեր դժուարութիւններ կը ստեղծէ մեր արտաքին քաղաքականութեան։

«Ըստ Ճոն Փրատոս-ի «Safe for Democracy: The secret Wars of the CIA» գիրքին‚ Իրանի մէջ իր «Էյճեքս» գործողութեան յաջողութենէն անմիջապէս ետք‚ Սթոն Ապրիլ 1957-ին հասաւ Դամասկոս, իր հետ ունենալով 3 միլիոն տոլար՝ զինելու եւ գրգռելու համար իսլամական զինեալները եւ կաշառելու համար սուրիական բանակի սպաներն ու քաղաքագէտները՝ տապալելու համար ալ-Քուաթլիի ժողովրդավարական հոլովոյթի ճամբով ընտրուած աշխարհիկ վարչակարգը։ Իսլամ եղբայրներուն հետ գործող եւ միլիոնաւոր տոլարներով զինուած Ռաքի Սթոն ծրագրեց ահաբեկել Սուրիոյ գաղտնի սպասարկութեան պետը‚ սպայակոյտի պետը եւ Համայնավար կուսակցութեան ղեկավարը‚ ինչպէս նաեւ Իրաքի‚ Լիբանանի եւ Յորդանանի մէջ յառաջացնել «ազգայնական դաւեր եւ գրգռութիւններ»‚ որոնց համար կրնան այպանուիլ Սուրիոյ պաասականները։ Թիմ Վայնըր իր «Legacy of Ashes» գիրքին մէջ կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս «Սի.Այ.Էյ.»-ի ծրագիրը սուրիական կառավարութիւնը խախտելն էր եւ պատրուակ ստեղծել Իրաքի եւ Յորդանանի համար‚ որոնց կառավարութիւնները արդէն «Սի.Այ.Էյ.»-ի վերահսկողութեան տակ էին։ Ըստ «Տը Կարտիըն» օրաթերթին կողմէ հրապարակուած «Սի.Այ.Էյ.»-ի բացայայտած փաստաթուղթերուն‚ Քիմ Ռուզվելթ կը նախատեսէր‚ որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի կողմէ հաստատուած խամաճիկ նոր կառավարութիւնը «առաջին հերթին պիտի ապաւինի բռնաճնշումներու եւ իշխանութիւն բանեցնելու կամայականութեան վրայ»։

«Սակայն «Սի.Այ.Էյ.»-ի ներդրած ամբողջ դրամը չյաջողեցաւ սուրիական բանակի սպաները կաշառել։ Զինուորները «Սի.Այ.Էյ.»-ի կաշառքի փորձերէն տեղեակ պահեցին պաասական վարչակարգը։ Ի պատասխան‚ սուրիական բանակը ներխուժեց ամերիկեան դեսպանատուն եւ ձերբակալեց Սթոնը։ Բիրտ հարցաքննութենէ ետք‚ Սթոն պատկերասփիւռէն խոստովանեցաւ Իրանի մէջ յեղաշրջումին եւ Սուրիոյ օրինական կառավարութիւնը տապալելու «Սի.Այ.Էյ.»-ի ձախող փորձին մէջ իր դերակատարութիւնը։

Սուրիացիները Սթոնն ու ամերիկեան դեսպանատան անձնակազմի երկու անդամներ վտարեցին. առաջին անգամն էր‚ որ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց նախարարութեան դիւանագէտ մը կը վտարուէր արաբական երկրէ մը։ Այզընհաուրի վարչակազմը սնամէջ կերպով մերժեց Սթոնի խոստովանութիւնը՝ իբրեւ «հերհիւրանքներ» եւ «զրպարտութիւն»: Հերքում մը‚ որ ամբողջ ամերիկեան մամուլը, ղեկավարութեամբ «Տը Նիւ Եորք Թայմզ»-ի, անդրադարձաւ, եւ որուն հաւատաց ամերիկացի ժողովուրը‚ որ կը բաժնէր Մոսատտեղի իրենց կառավարութեան մասին իտէալապաշտական տեսակէտը։ Սուրիան մաքրագործեց Միացեալ Նահանգներուն համակիր բոլոր քաղաքագէտները եւ դաւաճանութեան համար մահապատիժի ենթարկեց բոլոր բանակային սպաները‚ որոնք առնչակից էին յեղաշրջումին։ Միացեալ Նահանգները հակազդելով՝ 6-րդ նաւատորմիղը ուղարկեց Միջերկրական ծով եւ սպառնաց պատերազմիլ‚ ինչպէս նաեւ Թուրքիան դրդեց ներխուժելու Սուրիա։ Թուրքերը 50‚000 զինուոր դիրքաւորեցին Սուրիոյ սահմաններուն վրայ եւ ետդարձ կատարեցին միայն Արաբական Լիկայի միացեալ ընդդիմութեան պատճառով‚ որուն ղեկավարները զայրացած էին Միացեալ Նահանգներու միջամտութենէն։ Նոյնիսկ իր վտարումէն ետք‚ «Սի.Այ.Էյ.»-ը շարունակեց Սուրիոյ ժողովրդավարական հոլովոյթով ընտրուած պաասական կառավարութիւնը տապալելու իր գաղտնի ջանքերը։ «Սի.Այ.Էյ.»-ը գործակցութեամբ Բրիտանիոյ «Էմ. Այ. 6»-ի հետ դաւադրաբար կազմեց «Ազատ Սուրիա յանձնախումբ»ը եւ Իսլամ եղբայրները զինեց՝ ահաբեկելու համար սուրիացի երեք պետական պաշտօնատարներ‚ որոնք օժանդակած էին «Ամերիկեան դաւ»-ի բացայայտման՝ ինչպէս Մաթիու Ճոնզ կը նշէ իր «The «preferred Plan» The Anglo-American Working Group Report on Covert Action in Syria, 1957» գիրքին մէջ։ «Սի.Այ.Էյ.»-ի չարագործութիւնները Սուրիան յաւելեալ հեռացուց Միացեալ Նահանգներէն՝ զայն մղելով Ռուսիոյ եւ Եգիպտոսի հետ երկարատեւ դաշնակցութեան դաշինքներ կնքելու:

«Սուրիոյ մէջ յեղաշրջումի երկրորդ փորձէն ետք‚ Միջին Արեւելքի մէջ, Լիբանանէն մինչեւ Ալճերիա, հակաամերիկեան անկարգութիւններ տեղի ունեցան։ Արձագանգներէն մէկը 14 Յուլիս 1958-ի յեղաշրջումն էր‚ որուն ղեկավարներն էին բանակի հակաամերիկեան սպաներ‚ որոնք տապալեցին Իրաքի ամերիկամէտ թագաւոր Նուրի Սաայիտը։ Յեղաշրջումի ղեկավարները հրապարակեցին կառավարական գաղտնի փաստաթուղթեր‚ որոնք կը բացայայտէին‚ թէ Նուրի Սաայիտը «Սի.Այ.Էյ.»-էն մեծ գումարներ ստացող խամաճիկ մըն է։ Ի պատասխան ամերիկեան դաւաճանութեան‚ իրաքեան նոր կառավարութիւնը սովետ դիւանագէտներ ու տնտեսական խորհրդատուներ հրաւիրեց Իրաք եւ կռնակ դարձուց Արեւմուտքին։

«Իրաքն ու Սուրիան օտարացնելէ ետք‚ Քիմ Ռուզվելթ փախուստ տուաւ Միջին Արեւելքէն եւ, իբրեւ պաշտօնատար, աշխատեցաւ քարիւղի ճարտարարուեստին մէջ‚ որուն այնքան լաւ ծառայած էր «Սի.Այ.Էյ.»-ի մէջ իր աշխատակցութեան ընթացքին։ Ըստ Վայնըրի‚ իբրեւ «Սի.Այ.Էյ.»-ի գրասենեակի ղեկավար Ռուզվելթը փոխարինած Ճէյմզ Քրիչֆիլտ թունաւորուած դաշկինակով Իրաքի նոր նախագահը սպաննելու ձախող փորձ մը կատարեց։ Հինգ տարի ետք‚ «Սի.Այ.Էյ.»-ը ի վերջոյ յաջողեցաւ տապալել Իրաքի նախագահը եւ Իրաքի մէջ իշխանութեան հասցնել Պաաս կուսակցութիւնը։ Քարիզմաթիք երիտասարդ ոճրագործ մը՝ Սատտամ Հուսէյնը, «Սի.Այ.Էյ.»-ի պաասական վարչակարգի ականաւոր ղեկավարներէն մէկն էր։ Ըստ լրագրող եւ գրող Սաայիտ Ապուրիշի «A Brutal Friendship: The West and the Arab Elite» գիրքին՝ Պաաս կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ալի Սալեհ Սաատի‚ որ Սաատամ Հուսէյնի հետ կը բաժնեկցէր իշխանութիւնը, հետագային ըսած է. «Իշխանութեան հասանք «Սի.Այ.Էյ.»-ի գնացքին վրայ»։ Ապուրիշ կը յայտնէ‚ թէ «Սի.Այ.Էյ.»-ը Սատտամին եւ անոր մանկլաւիկներուն կը տրամադրէր մարդոց ցանկ մը‚ որոնք պէտք է «անմիջապէս մաքարգործուին ապահովութեան համար»։ Թիմ Վայնըր կը գրէ‚ որ Քրիչֆիլտ հետագային ընդնուած է‚ որ «Սի.Այ.Էյ.»-ը խորքին մէջ «ստեղեց Սատտամ Հուսէյնը»։ Ռիկընի նախագահութեան տարիներուն «Սի.Այ.Էյ.»-ը Հուսէյնին տրամադրեց միլիառաւոր տոլարներ, մարզումի‚ մասնայատուկ ուժերու աջակցութեան‚ զէնքերու եւ պատերազմի դաշտի տեղեկահաւաքի համար, քաջ գիտնալով որ թունաւոր մանանեխի եւ ջիղերու ազդող կազ եւ կենսաբանական զէնքեր‚ ներառեալ Միացեալ Նահանգներու կառավարութենէն ստացուած անթրաքս, պիտի օգտագործէ Իրանի դէմ իր պատերազմին մէջ։ Ռիկըն եւ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Պիլ Քէյսի Սատտամը կը նկատէին Միացեալ Նահանգներու նաւթի ճարտարարուեստի հաւանական բարեկամ մը եւ ուժեղ պատուար մը Իրանի իսլամական յեղափոխութեան տարածման դէմ։ Անոնց պատուիրակը՝ Տանըլտ Ռամսֆելտ 1983-ին Պաղտատ իր այցելութեան ընթացքին Սատտամին նուիրեց կովարածներու ոսկի գօտիներ‚ քիմիական-կենսաբանական ու աւանդական զէնքերու ցուցակ մը։ Նոյն ատեն «Սի.Այ.Էյ.»-ը ապօրինի կերպով Սատտամի թշնամի Իրանին կը տրամադրէր հազարաւոր հակահրասայլային եւ հակաօդային հրթիռներ՝ կռուելու համար Իրաքի դէմ. ոճիր մը‚ որ հանրայայտ դարձաւ Իրան-Քոնթրա գայթակղութեան ընթացքին։ Երկու կողմերէն ժիհատականներ հետագային «Սի.Այ.Էյ.»-ի կողմէ տրամադրուած այդ զէնքերէն շատերը օգտագործեցին ամերիկացի ժողովուրդին դէմ։

«Մինչ Ամերիկան կը սերտէ Միջին Արեւելքի մէջ ա՛լ աւելի բիրտ միջամտութիւն մը, ամերիկացիներուն մեծամասնութիւնը անտեղեակ է «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին ձախողութիւններու հետեւանքներէն‚ որոնք նպաստեցին ներկայ ճգնաժամի ստեղծման։ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տասնամեակներու արարքներու արձագանգները կը շարունակուին այսօր լսուիլ միջինարեւելեան երկիրներու մայրաքաղաքներուն մէջ եւ մզկիթներէն՝ «Սի.Այ.Էյ.»-ի օժանդակութեամբ քանդուած ժողովրդավարութեան եւ չափաւորական իսլամութեան ենթահողին վրայ։

Իրանացի եւ սուրիացի բռնատէրերու շարք մը‚ ներառեալ Պաշշար Ասատն ու անոր հայրը, «Սի.Այ.Էյ.»-ի արիւնալի յեղաշրջումներուն պատմութիւնը օգտագործած են իբրեւ իրենց բռնատիրական իշխանութեան‚ բռնաճնշումներուն եւ Ռուսիոյ հետ ուժեղ դաշնակցութեան կարիքի պատրուակ։ Ուստի այդ պատմութիւնները հանրածանօթ են Սուրիոյ եւ Իրանի ժողովուրդներուն‚ որոնք ամերիկեան միջամտութեան մասին խօսակցութիւնները կը մեկնաբանեն այդ պատմութեան ծիրին մէջ։

«Մինչ ամերիկացի համակերպող մամուլը թութակի պէս կը կրկնէ այն վարկածը‚ թէ սուրիական ըմբոստութեան զինուորական աջակցութիւնը բացառապէս մարդասիրական նպատակներով է‚ բազմաթիւ արաբներ ներկայ տագնապը կը դիտեն իբրեւ խողովակաշարերու եւ աշխարհաքաղաքականութեան վրայ հիմնուած մէկ այլ անուղղակի պատերազմ։ Նախքան հակամարտութեան մէջ աւելի մխրճուիլը՝ հարկ է նկատի ունենալ այդ տեսանկիւնը հաստատող առատ փաստերը։

«Անոնց կարծիքով՝ Պաշշար Ասատի դէմ մեր պատերազմը, 2011-ի Արաբական գարունի խաղաղ քաղաքացիական ցոյցերով‚ արդիւնքն է 2000-ին Քաթարի առաջարկութեան՝ Սէուտական Արաբիայէն‚ Յորդանանէն‚ Սուրիայէն եւ Թուրքիայէն անցնող 10 միլիառ տոլար արժողութեամբ եւ 1500 քիլոմեթր երկարութեամբ խողովակաշարի մը ընդդիմանալուն։ Քաթար Իրանի հետ կը բաժնեկցի Հարաւային Փարս-Հիւսիսային Գմբեթ կազի դաշտը՝ աշխարհի բնական կազի ամենէն հարուստ պաշարը։ Իրանի դէմ մինչեւ վերջերս գոյութիւն ունեցող միջազգային արգելքին հետեւանքով Իրանին արգիլուած է կազը արտասահմանի մէջ ծախել։ Մինչ այդ՝ Քաթարի կազը կրնայ եւրոպական շուկայ հասնիլ, միայն եթէ հեղուկի վերածուի եւ ծովու ճամբով ուղարկուի‚ ճամբայ մը‚ որ կը սահմանափակէ ծաւալն ու նկատառելի կերպով կ’աճեցնէ ծախսերը։ Առաջարկուած խողովակաշարը Քաթարը Թուրքիոյ ճամբով ուղղակի պիտի կապէր եւրոպական ուժանիւթի շուկային։ Պարսկական ծոցի սիւննի թագաւորութիւնները Քաթար-Թուրքիա խողովակաշարի շնորհիւ վճռական տիրակալութիւն պիտի հաստատէին աշխարհի բնական կազի շուկաներուն վրայ, եւ պիտի հզօրանար Քաթարը՝ արաբական աշխարհի մէջ Ամերիկայի ամենէն սերտ դաշնակիցը։ Քաթար կը հիւրընկալէ ամերիկեան երկու հսկայական ռազմակայաններ եւ Ամերիկեան բանակի Միջին Արեւելքի կեդրոնատեղին է։

«Եւրոպական Միութիւնը‚ որ իր կազին 30 առ հարիւրը կը ստանայ Ռուսիայէն‚ նոյնպէս կարիքը ունի խողովակաշարին‚ որպէսզի միութեան անդամներուն տրամադրէ աժան ուժանիւթ եւ Վլատիմիր Փութինի տնտեսական ու քաղաքական ծանր ազդեցութենէն փրկուի։ Ռուսիոյ կազի երկրորդ մեծագոյն յաճախորդ Թուրքիան‚ մասնաւորաբար նախանձախնդիր էր՝ վերջ տալու իր հին մրցակիցէն իր կախուածութեան եւ ինքզինք հաստատելու իբրեւ շահաւէտ խաչմերուկ՝ ասիական վառելանիւթերու դէպի Եւրոպական Միութեան շուկաներ առաքման պարագային։ Քաթարեան խողովակաշարը Սէուտական Արաբիոյ պահպանողական սիւննի թագաւորութեան պիտի նպաստեր՝ արտօնելով մուտք գործել շիի տիրապետութեան տակ գտնուող Սուրիա։ Սէուտցիներու աշխարհաքաղաքական նպատակը Պաշշար Ասատի սերտ դաշնակից Իրանի շիի պետութեան տնտեսական ու քաղաքական ազդեցութիւնը սանձելն է։ Սէուտական թագաւորութիւնը ամերիկեան հովանաւորութեամբ շիիներու Իրաքի տիրանալը (եւ վերջերս Իրանի դէմ հաստատուած առեւտուրի արգելքի ջնջումը) կը նկատէ իբրեւ շրջանային ուժ եւ իր կարգավիճակին նուազում մը, որ արդէն ներգրաւուած էր Եմէնի մէջ Թեհրանի դէմ անուղղակի պատերազմին‚ որ յատկանշուեցաւ իրանեան աջակցութիւն վայելող Հուսի ցեղախումբին դէմ սէուտական ցեղասպանութեամբ։

Անշուշտ ռուսերը‚ որոնք իրենց կազի արտածումներուն 70 առ հարիւրը կը ծախեն Եւրոպայի‚ Քաթար-Թուրքիա խողովակաշարը կը նկատեն գոյութենական վտանգ մը։ Փութինի կարծիքով՝ Քաթարի խողովակաշարը կարգավիճակը փոխելու‚ Ռուսիան Միջին Արեւելքի մէջ դիրքէ զրկելու‚ ռուսական տնտեսութիւնը խեղդելու եւ եւրոպական ուժանիւթի շուկային մէջ ռուսական գերակայութեան վերջ տալու ՕԹԱՆ-ի դաւ մըն է։ 2009-ին‚ Ասատ յայտարարեց‚ որ «մեր ռուս դաշնակիցին շահերը պաշտպանելու համար» պիտի մերժէ ստորագրել համաձայնութիւնը‚ որ խողովակաշարին կ’արտօնէ Սուրիայէն անցնիլ։

Ասատ առաւել եւս զայրացուց Ծոցի սիւննի թագաւորները՝ որդեգրելով ռուսական հաւանութեան արժանացած «Իսլամական խողովակաշար»-ը‚ որ իրանեան հատուածէն կ’երկարի դէպի Լիբանանի նաւահանգիստները՝ անցնելով Սուրիայէն։ Իսլամական խողովակաշարը շիի Իրանը պիտի վերածէր եւրոպական ուժանիւթի շուկային գլխաւոր մատակարարը եւ ոչ թէ սիւննի Քաթարը‚ ինչպէս նաեւ նկատառելի կերպով աճեցնէր Միջին Արեւելքի եւ աշխարհի վրայ Թեհրանի ազդեցութիւնը։ Իսրայէլ եւս հասկնալի կերպով վճռած է խափանել Իսլամական խողովակաշարի ծրագիրը‚ որ պիտի հասրտացնէ Իրանն ու Սուրիան‚ ինչպէս նաեւ անոնց հովանաւորութեան տակ գտնուողները՝ Հըզպալլան ու Համասը»։

Ամերիկեան‚ սէուտական եւ իսրայէլեան գաղտնի սպասարկական գաղտնի նամակագրութիւններ ցոյց կու տան‚ որ այն պահուն‚ որ Ասատ մերժեց քաթարեան խորովակաշարը‚ զինուորական եւ գաղտնի սպասարկական ղեկավարները արագ կերպով միաձայնութեամբ որոշեցին‚ որ չգործակցող Պաշշար Ասատը տապալելու համար Սուրիոյ մէջ սիւննի ըմբոստոութիւն հրահրելը կարելի միջոց մըն է հասնելու Քաթար-Թուրքիա խողովակաշարի իրագործման հասարակաց նպատակին։ Ըստ «Ուիքիլիքս»-ի‚ 2009-ին Պաշշար Ասատի քաթարեան խողովակաշարը մերժելէն անմիջապէս ետք‚ «Սի.Այ.Էյ.»-ը սկսաւ ֆինանսաւորել Սուրիոյ մէջ ընդդիմադիր խմբաւորումները։ Հարկ է նշել‚ որ ասիկա Ասատի դէմ Արաբական գարունէն ծնունդ առած ըմբոստութենէն շատ առաջ էր։

«Պաշշար Ասատի ընտանիքը ալեւի է՝ իսլամ յարանուանութիւն մը‚ որ ընդհանուր առմամբ կը նկատուի շիի հոսանքին հակող։ Սէյմուր Հըրշ հարցազրոյցի մը ընթացքին ինծի ըսաւ. «Պաշշար Ասատ երբեք ալ նախատեսուած չէր‚ որ նախագահ ըլլայ։ Անոր հայրը զինք Լոնտոնի մէջ բժշկութեան դպրոցէն վերադարձուց‚ երբ իր երէց եղբայրը՝ գահաժառանգը, մահացաւ ինքնաշարժի արկածի մը մէջ»։ Ըստ Հըրշի‚ պատերազմի սկիզբէն առաջ‚ Ասատ կ’ուղղուէր դէպի երկրի ազատականացում։ «Անոնք համացանց ունէին‚ մամուլ, ATM մեքենաներ… Ասատ նոյնիսկ կ’ուզէր դէպի արեւմուտք ուղղուիլ։ 9 Սեպտեմբեր 2011-էն ետք‚ ան հազարաւոր արժէքաւոր թղթածրարներ փոխանցեց «Սի. Այ. Էյ.»-ին վերաբերեալ ժիհատական արմատականներու‚ որոնք ան կը նկատէ հասարակաց թշնամի մը»‚ ըսաւ ան։ Ասատի վարչակարգը աշխարհիկ է, եւ Սուրիան տպաւորիչ կերպով բազմազան խաւերէ կազմուած էր։ Օրինակի համար սուրիական կառավարութեան ու բանակին 80 առ հարիւրը սիւննի էին։ Ասատ իր բազմազան ժողովուրդին մէջ խաղաղութիւն կը պահէր ուժեղ եւ կարգապահ բանակի մը միջոցաւ‚ որ հաւատարիմ է Ասատ ընտանիքին. հաւատարմութիւն մը‚ որ ապահովուած է ազգային վարկ վայելող եւ բարձր վճարումներ ստացող սպայակոյտի‚ ազդու գաղտնի սպասարկութեան եւ բրտութեամբ կիրարկուող միջոցներով‚ որ նախքան պատերազմը չափաւոր էր՝ բաղդատմամբ միջին արեւելեան այլ ղեկավարներու‚ ներառեալ մեր ներկայ դաշնակիցներուն։ Ըստ Հըրշի‚ «Ան հաստատ իր ժողովուրդը ամէն Չորեքշաբթի չէր գլխատեր, ինչպէս սէուտցիները կ’ընեն Մեքքայի մէջ»։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.