Ապրիլեան Պատերազմին Վիրաւորուած Նարեկ Ասատրեանը Մահացած Է

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Մուրացան» զինուորական հիւանդանոցին մէջ մահացած է Ապրիլեան պատերազմին ծանօրէն վիրաւորուած Նարեկ Ասատրեանը:

«Թեր»չին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան:

«Ապրիլեան պատերազմին վիրաւորուած Նարեկ Ասատրեանի կեանքը փրկել չի յաջողուել, պայքարեցին, բայց, ցաւօք, մահացել է», ըսած է Յովհաննիսեան:

Նշենք, որ Նարեկ Ասատրեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին վիրաւորուած էր գլուխէն՝ ականի մը պայթումէն: Վեց ամիսէ ի վեր ան կը գտնուէր «Մուրացան» զինուորական հիւանդանոցը։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.