Դեկտեմբեր 05, 2025
Երդման արարողութիւն ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան 23-ամեակի առթիւ
- (0)
27 Նոյեմբեր 2016-ին «Եռաբլուր» Հուշահամալիր-Պանթէոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան 23-ամեակին առթիւ կազմակերպուած խոստման եւ երդման արարողութիւն:
Ներկաները յարգանքի տուրք մատուցեցին Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի նահատակ հերոսներու շիրիմներուն, որմէ ետք տեղի ունեցաւ զոյգ արարողութիւնները, ՀՅԴ անդամ ընկեր Արամ Պօղոսեանի շիրիմին:
23-ամեակի առթիւ, ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան շարքերը մուտք գործեցին 40 ընկերներ, իսկ միութեան շարքերէն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքեր անցան 20 ընկերներ:
