Ռուսաբնակ Բարերարները Աջակցած Են Արցախցի Աւելի Քան 30 Ընտանիքի

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.-  Նոյեմբեր 19ին,  Մարտունի քաղաքի մշակոյթի տան մէջ տեղի ունեցաւ շրջանի բազմազաւակ աւելի քան 30 ընտանիքներու համար կազմակերպուած բարեգործական ձեռնարկ մը:

Ռուսիաբնակ բարերար Համլէթ Վաչենանցի նախաձեռնութեամբ Մարտունիի շրջանի բազմազաւակ ու կարիքաւոր աւելի քան 30 ընտանիքի, իբրեւ աջակցութիւն, ըստ առաջնահերթութեան, տրամադրուած է հագուստ, կահոյք, կենցաղային եւ այլ անհրաժեշտ ապրանքներ: Ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ բարերարներ Օննիկ Էւրիկեան, Սեմիոն Տաւիտով եւ Գագիկ Այվազեան: Անոնք ժամանած են Արցախ այդ ընտանիքներուն հետ ծանօթանալու եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու համար:

Բարերարներուն իր երախտիքի խօսքը  ըսած է Մարտունիի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Կարէն Թովմասեան եւ, շրջանի վարչակազմին անունով՝ անոնց յանձնած շնորհակալագիրներ: Իրենց հերթին՝ բարերաները շնորհակալութիւն յայտնած են ջերմ ընդունելութեան եւ գնահատանքին համար եւ նշած, որ իրենց կողմէ Արցախին աջակցութեան ծրագիրները շարունակական պիտի ըլլան:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.