«Դո՛ւն ի՞նչ ըրած ես Ղարաբաղի համար». ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՉ

 

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, գործընկերներ,
Սիրով կը տեղեկացնենք Ձեզի, որ 2016 թ. Հոկտեմբեր 20-24-ին Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ կայացած Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի մասնակիցները որոշեցին մեկնարկել համահայկական լրատուամիջոցներով սկսած «Դո՛ւն ի՞նչ ըրած ես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումը:
Շարժման նպատակն է բոլոր հնարաւոր միջոցներով աջակցիլ Արցախին եւ անոր ժողովուրդի տնտեսական եւ ընկերային պայմաններու բարելաւման գործին եւ բարեկեցութեան:
Այս նպատակով կոչ կ’ընենք 2017 թ. սփիւռքեան համայնքներու կողմէ կազմակերպուող բոլոր ձեռնարկները նուիրել Արցախի (փառատօններ, մշակութային երեկոներ, մրցոյթներ, արիւնատուչութեան ձեռնարկներ, համերգներ, ցուցահանդէսներ, դրամահաւաքներ եւ այլն), ինչպէս կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Կ’ուզենք, որ 2017 թուականը համայն հայութեան համար դառնայ Արցախի տարի…
Սփիւռքի նախարարութիւնը բացած է դիմատետրի էջ, ուր պիտի հրապարակուին սփիւռքեան համայնքներու եւ սփիւռքահայ անհատներու կողմէ Արցախի համար իրականացուող բոլոր ձեռնարկները: Իրականացուող ձեռնարկները պիտի հրապարակուին նաեւ նախարարութեան «Հայերն այսօր» ել. լրատուամիջոցի համապատասխան բաժնին մէջ`www.hayernaysor.am:
Միացէ՛ք մեր դիմատետրի էջին` What Are You Doing for Karabakh? եւ հետեւեցէք շարժման գործընթացին` մաս կազմելով այս հիանալի համահայկական ձեռնարկին: Ձեռնարկները մեկնարկելու եւ հայկական աշխարհի մէջ հանրայնացնելու նպատակով իւրաքանչիւրէն կը խնդրենք նկարուիլ` պարզելով «Դո՛ւն ի՞նչ ըրած ես Ղարաբաղի համար» ցուցապաստառը (կցուած է) եւ ուղարկել մեզի` դիմատետրի էջին եւ լրատուամիջոցներու մէջ հրապարակելու եւ տարածելու համար:
Մենք կը հաւատանք, որ հայկական Սփիւռքի եւ Հայաստանի միասնական ներուժով կրնաք զօրաւիգ ըլլալ Արցախի մէջ ապրող մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն:
ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.