Երկու հայազգի թագաւորներու թշնամութիւնը. Պուլկարիոյ Սամուէլ Կոմսաձագի եւ Բիւզանդիոնի Վասիլ Բ.ի թշնամութիւնը
Սամուէլ Կոմսաձագ
ՀԱՅԵՐԸ ՊՈՒԼԿԱՐԻՈՅ ՄԷՋ
Հայերը Պուլկարիոյ տարածքին բնակած են պուլկարներէն շատ դարեր առաջ: Պուլկարները (հոները) ծագումով թրքական ցեղախումբեր են, որոնք Պալքանեան շրջաններուն մէջ հաստատուեցան 4-5-րդ դարերուն. ժողովուրդներու մեծ գաղթի տարիներուն խառնուեցան տեղի սլաւոնական ցեղերուն հետ, եւ ձեւաւորուեցաւ պուլկար ժողովուրդը: Պուլկարական առաջին պետութիւնը 618 թ. հիմնած է Խան Ասպարուխը:
Հետաքրքրական տեղեկութիւն կը հաղորդեն հայ պատմիչները հայերու եւ պուլկարներու վաղ միջնադարեան առնչութիւններու մասին: Պուլկարները Հոնագուրի առաջնորդութեամբ կ’ասպատակեն Սասանեան Պարսկաստանը: Խոսրով Անուշիրվան թագաւորը մեծ զօրքով իրենց դէմ կ’ելլէ: Հոնագուրը կ’առաջարկէ Խոսրով արքային աւելորդ արիւնահեղութենէն խոյս տալու համար մենամարտիլ: Խոսրովը, վախնալով մենամարտէն, իր փոխարէն Հոնագուրի դէմ կ’ուղարկէ հայազգի Բաբիկը: Մենամարտը կը տեւէ ամողջ օրը, եւ ի վերջոյ, Հոնագուրը կը յոգնի եւ կը պարտուի: Յետագային, 6-րդ դարու վերջերը, հայազգի Մուշեղ Մամիկոնեան զօրավարը բիւզանդական մեծ բանակով կ’արշաւէ Թրակիոյ վրայ՝ հպատակեցնելու պուլկարները: Մուշեղ Մամիկոնեանը մի քանի յաղթանակ կը տանի, բայց եւ այնպէս պուլկարները կը յաջողին վճռական ճակատամարտին յաղթել, Մուշեղը գերել եւ կախել ծառէն:
Վաղ միջնադարուն Պուլկարիոյ տարածքին հայկական հոծ գաղութ կար: Հայաստանի մէջ Արշակունիներու թագաւորութեան անկումէն ետք շատ հայեր, լքելով հայրենիքը, հաստատուեցան Պալքանեան շրջաններուն մէջ: Պատմութեան մէջ յիշուած է Բիւզանդիոյ Մորիկ կայսեր նամակը պարսից թագաւորին, որում կայսրը խորհուրդ կու տար Պարսկաստանի հայերը քշել Միջին Ասիոյ անապատները, քանզի ինքը Արեւմտեան Հայաստանի հայերը Պալքաններ եւ Թրակիա կ’ուղարկէ, քանի որ եթէ այդ ըմբոստ ռազմիկները (հայերը) այնտեղ սպաննեն, սպաննած կ’ըլլան իրենց թշնամի պուլկարները, իսկ եթէ սպաննուին, սպաննուած կ’ըլլան դարձեալ իրենց թշնամի հայերը…
Առհասարակ վաղ միջնադարուն Բիւզանդիոյ անվտանգութեան կը սպառնային սլաւոնական ցեղերը, որոնք կրնային Կոստանդնուպոլիսը հարուածել Պալքաններէն: Եւ բիւզանդական կայսրերը մեծ թիւով հայ ազնուականներ եւ զօրականներ բնակեցուցին Պալքանեան շրջաններուն մէջ՝ հիւսիսէն ապահովելով կայսրութեան մայրաքաղաքին անվտանգութիւնը: Եւ միջնադարուն Փիլիպպիկոս ամրոցը (ներկայիս Պլովդիւը) դարձաւ հայ զինուորականութեան կեդրոնը:
9-րդ դարուն պուլկարներուն դէմ պատերազմներուն ընթացքին բիւզանդական բանակին մէջ ծառայող հայ զօրավարներէն ակնառու դարձաւ Տաճատ Անձեւացին: Եւ Պուլկարիոյ հայութիւնը այնքան ստուարացաւ, որ հայերը այնտեղ նոյնիսկ իշխանութեան հասան:
Կամսարականներու տոհմէն սերող Սամուէլ Կոմսաձագ իշխանը 997 թ. պուլկարական գահ բարձրացաւ: Ան թագաւորեց մինչեւ 1014 թ. եւ իր գահակալման ամբողջ ընթացքին արիւնահեղ պատերազմներ մղեց Պուլկարիոյ անկախութեան համար ընդդէմ Բիւզանդական կայսրութեան, որուն գահին նոյնպէս հայ մը բազմած էր: 1014 թ. Բիւզանդիան վճռական ճակատամարտին յաղթանակ տարաւ: Վասիլ Բ. կայսեր հրամանով տասնեակ հազարաւոր պուլկարացի ռազմագերիներ կուրացուեցան եւ ազատ արձակուեցան Պուլկարիա: Այդ մէկը ահ ու սարսափ տարածեց ողջ Պուլկարիոյ տարածքին: Այդ անմարդկային, դաժան արարքին համար Բիւզանդիոյ հայազգի կայսր Վասիլ Բ. ստացաւ պուլկարասպան մականունը, իսկ Սամուէլ Կոմսաձագը յաւերժ մնաց պուլկար ժողովուրդի սիրելին ու հերոսներէն մէկը: Ցաւօք, Սամուէլ Կոմսաձագի ժառանգները գահի համար պայքարին գժտուեցան եւ չկարենալով շարունակել պայքարը Բիւզանդիոյ դէմ՝ անձնատուր եղան կայսրին: Կայսրը Սամուէլի որդիներուն կալուածներ յատկացուց Յունաստանի մէջ եւ Պուլկարիան առաւ իր տիրակալութեան տակ:
Պուլկարացի շատ զինուորականներ բիւզանդական բանակի կազմին մէջ մասնակցած են Հայաստանի դէմ մղուող պատերազմներուն: Մասնաւորապէս Նիկոլա պուլկարը 1042 թ. դէպի Անի արշաւած բիւզանդական բանակին զօրահրամանատարներէն էր:
Բագրատունեաց թագաւորութեան անկումէն ետք ալ հազարաւոր հայեր գաղթեցին Հայաստանէն եւ հաստատուեցան Պուլկարիա: Դէպի Թրակիա հայերու գաղթը ծաւալեցաւ յատկապէս Գրիգոր Մագիստրոսի կողմէ թոնդրակեցիներու եւ արեւորդիներու համայնքներուն դէմ ձեռնարկած պատժիչ գործողութիւններուն պատճառով: Փաստօրէն, հայերու միջոցով Պուլկարիոյ տարածք թափանցեցին աղանդաւորական շարժումներ, եւ սկիզբ առաւ բոգոմիլներու շարժումը:
Պուլկարիոյ մէջ գործած են նաեւ հայ գրչութեան կեդրոններ: Յայտնաբերուած հնագոյն ձեռագիրը, որ գրուած է Պուլկարիոյ տարածքին, կը վերագրուի 10-րդ դարուն: Շատ հայ ճանապարհորդներ իրենց ուղեգրութիւններուն մէջ անդրադարձեր են Պուլկարիոյ մասին: Յատկանշական են Սիմէոն Լեհացիի եւ Մարտիրոս Ղրիմեցիի նօթերը: Յատկապէս վերջինս մռայլ գոյներով, նոյնիսկ ծաղրանքով կը նկարագրէ 17-րդ դարու պուլկարական կենցաղը, պուլկարական գիւղերուն եւ քաղաքներուն նիստուկացը:
Հայերը մեծ դեր ունեցած են Պուլկարիոյ հասարակական կեանքին մէջ: Անոնք նաեւ աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած են երկրի ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ: Յատկապէս 1912-1913 թթ.՝ Պալքանեան պատերազմի ժամանակ, Պուլկարիոյ թրքական բանակին դէմ շատ հայեր կը մարտնչէին արեգին Նժդեհի եւ Անդրանիկ Օզանեանի հրամանատարութեամբ: 19-րդ դարավերջին Պուլկարիոյ մէջ շուրջ 5 հազար հայ կը բնակէր: 20-րդ դարասկիզբին Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով Պուլկարիոյ հայութեան թիւը հասաւ 50 հազարի: Հազարաւոր հայ ընտանիքներ ապաստան գտան Պուլկարիոյ մէջ:
Ներկայիս Պուլկարիոյ մէջ մօտաւորապէս 50 հազար հայ կ’ապրի, եւ հայերը թուաքանակով չորրորդն են ազգային փոքրամասնութիւններու շարքին: Համայնքային կեանքին մէջ կը գործեն հայկական ակումբներ, լոյս կը տեսնեն հայկական թերթեր, Պլովդիւի մէջ՝ «Վահան», Սոֆիայի մէջ՝ «Երեւան», Պուրկասի մէջ՝ «Հայեր»: Իսկ առաջին հայկական պարբերականը Պուլկարիոյ մէջ՝ «Յոյս» շաբաթաթերթը, տպագրուած է դեռեւս 1884 թ. Անդրանիկ Եոանէսկուի խմբագրութեամբ: Դեռեւս 19-րդ դարէն այնտեղ աշխուժօրէն գործեր են հայ աւանդական կուսակցութիւնները, մարզա-մշակութային միութիւններ, հայ առաքելական եկեղեցւոյ թեմեր:
Պուլկարիոյ մէջ հայկական դպրոցներ չկան: Վառնայի եւ Պուրկասի մէջ կը գործեն կիրակնօրեայ դպրոցներ: Սակայն պուլկարական քանի մը դպրոցներու մէջ հայոց լեզուն ընդգրկուած է պետական ծրագիրներուն մէջ: Ներկայիս Պուլկարիոյ մէջ կան հայ առաքելադաւան գործող 10 եկեղեցի եւ 2 մատուռ, ինչպէս նաեւ մի քանի հայ աւետարանական եկեղեցիներ:
ՎահԷ Անթանէսեան
ԱՆԿԱԽ