Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Քալիֆորնիոյ Յանձնախումբի Ատենապետին Հանդիպումը Արամ Ա.ի Հետ

 

1108SARF CATHOԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 7ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան Քալիֆորնիոյ յանձնախումբի՝ ՍԱՐՖի, ատենապետ Րաֆֆի Քէնտիրճեան: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան:

Առաջին հերթին, ՍԱՐՖի ատենապետը լայն կերպով զեկուցեց Մարմինին կատարած աշխատանքներուն ու յատկապէս յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին՝ շեշտելով իրենց ամբողջական յանձնառութիւնը շարունակելու Սուրիոյ հայութեան ուղղուած բարեսիրական օժանդակութիւնը:

Առաջնորդ սրբազանը իր կարգին անդրադարձաւ ընդհանրապէս Սուրիոյ ու յատկապէս Հալէպի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու ներկայ կարիքներուն:

Վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ՍԱՐՖի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ մեր այն բոլոր հոգեւոր թէ համայնքային ղեկավարներուն, բարերարներուն ու ազգայիններուն, որոնք իրենց օժանդակութիւնը բերած են եւ կը շարունակեն բերել Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն: Այս առիթով, կաթողիկոսը նաեւ գնահատեց Հայաստանի պետութիւնը եւ Սփիւռքի մեր գաղութները, կազմակերպութիւններն ու ազգայինները, որոնք այս դժուար օրերուն զանազան ձեւերով կը շարունակեն թիկունք կանգնիլ Սուրիոյ հայութեան:

Նշենք, որ Կիրակի, Նոյեմբեր 6ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ, վեհափառը ընդունեց այցելութիւնը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի: Հանդիպումը առիթ եղաւ արծարծելու Հայաստանի ներքին կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան եւ Հայ Դատի աշխատանքներուն առնչուած հարցեր ու ծրագիրներ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.