Թուրք պատգամաւորը Ֆեթուլլահ Կիւլէնին հայկական ծագում կը վերագրէ
- (0)
Թրքական «Kanal A» հեռուստաալիքի «Թուրքիոյ ընտրութիւնը» հաղորդման հիւրի կարգավիճակով պատգամաւոր Օրհան Տելիկիոզը անդրադարձեր է կիւլէնական շարժման առաջնորդ Ֆեթուլլահ Կիւլէնի ծագման:
Թուրքիոյ մէջ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան» (AKP-ԱԶԿ) պատգամաւոր Տելիկիոզը, «վարկաբեկել»ու համար Էրտողանի քաղաքական հակառակորդ, իսլամական քարոզիչ ու երկրի իշխանութիւններուն կողմէ Յուլիս 15-ին յեղաշրջման փորձը նախաձեռնելով մեղադրուած Կիւլէնը, անոր վերագրած է հայկական ու հրէական ծագում:
Պատգամաւորը յայտարարեր է, որ Կիւլէնի հայրը ազգութեամբ հայ է, իսկ մայրը` հրեայ: Տելիկիոզը նշած է, որ Կիւլէնի մօր անունը Ռաբին է, շեշտելով որ այդպիսի անուն չի կիրառկուիր ո՛չ թուրքերու, ո՛չ ալ քիւրտերու շրջանակներուն մէջ: Իսկ հօր մասին պատգամաւորը որեւէ տեղեկութիւն չէ յայտնած: Ուղղակի նշած է, որ Կիւլէնի ընտանիքը Թուրքիա գաղթած է Իրանէն: Կարճ ժամանակ ապրած է Պիթլիս, այնուհետեւ տեղափոխուած է Էրզրում: Տելիկիոզը ըսած է, որ Էրզրումի մէջ Կիւլէնը իր հօր անունով նոյնիսկ մզկիթ հիմնած է, բայց դարձեալ չէ պարզաբանած, թէ ի՛նչ է Կիւլէնի ենթադրեալ «հայ» հօր անունը:
