Պատմական Սեբաստիոյ Հայկական Գերեզմանատան Մէջ Հոգեհանգիստի Կարգ Մատուցուած է
- (0)
Թուրքիոյ Սիվաս (Սեբաստիա) նահանգի Զառա շրջանին մէջ գտնուող հայկական գերեզմանատան մէջ երկարատեւ դադարէ ետք հոգեհանգիստի կարգ կատարուած է: Ըստ ermenihaber.am-ի՝ թրքական «HaberTürk» լրատուակայքը կը տեղեկացնէ` արարողութեան մասնակցելու համար Զառա ժամանած է նաեւ 38 հոգիէ բաղկացած խումբ մը պոլսահայ: Անոնք յարգանքի տուրք մատուցած են այդ գերեզմանոցին մէջ հանգչող իրենց նախնիներուն:
Հոգեհանգստի կարգը մատուցելէ ետք ելոյթ ունեցած հայր Զոհրապ Ջիւանեան նշած է, որ գերեզմանոցին մէջ վերջին անգամ յուղարկաւորութիւն կատարուած էր 1958-ին: Ատկէ ետք այստեղ հոգեհանգստի կարգ այլեւս չէ կատարուած:
Յիշեցնենք, որ Զառայի հայկական գերեզմանատունը յայտնաբերուած էր քանի մը տարի առաջ` Սիվաս այցելած պոլսահայ «Հայճար» ճարտարապետներու միութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ: Այնուհետեւ տեղի գործարար Ֆեթհի Արասի ֆինանսաւորմամբ գերեզմանատան տարածքին մէջ վերականգնողական աշխատանքներ կատարուած են: