Կարօ Փայլան Յայտարարած Է, Թէ Մտադիր Է Էրտողանը Դատի Տալ
- (0)
Թուրքիոյ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Կարօ Փայլան կը պատրաստուի դատի տալ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը:
Ան այս մասին յայտարարած է «Թուիթըր»-ի իր պաշտօնական էջին վրայ:
Հայազգի երեսփոխանը զայրացած է Էրտողանի` Տրապիզոնի մէջ կազմակերպած հանրահաւաքի մը ընթացքին կատարած շարք մը ցեղապաշտական յայտարարութիւններէն:
Էրտողան նշեալ հանրահաւաքին ընթացքին հեգնած էր կիները:
«Յիշեցէ՛ք, թէ ձեզի ինչ կ՛ըսէի: Օր մը պիտի չմեռնի՞ք: Բայց տղամարդու պէս մեռնիլ կայ, մէկ ալ մատամի պէս մեռնիլ կայ», ըսած էր Էրտողան:
Փայլան ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն փաստին վրայ, որ Էրտողան կ՛օգտագործէ «մատամ» բառը, այսինքն` կը մատնանշէ ոչ թէ մահմետական, այլ եւրոպացի կամ քրիստոնեայ կիները:
Աւելի՛ն, Փայլան իր էջին վրայ տեղադրելով Էրտողանի արտասանած խօսքին տեսանիւթը, նշած է, որ ուշադիր հետեւելու պարագային նկատելի է, թէ ինչպէ՛ս Էրտողան գոհ կը ժպտի, երբ տրապիզոնցիները կը վանկարկեն «հայու վիժուածքները մեզ չեն կրնար վհատեցնել»:
«Ժողովուրդը կը հայհոյէ հայուն: Երբեք չի միջամտեր: Վաղը մեղադրանք պիտի ներկայացնեմ», գրած է Փայլան «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ:
