Հայաստանի Մէջ Արհեստավարժ Կառոյցի Մը Հաստատմամբ սուրիահայ Գաղթականներու Համարկում

 

Ռաֆֆի Արտհալճեան

armenianredwoodproject.org կայքին վրայ տեղադրուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ‚ որ Armenian Redwood Project-ը Հայաստանի մէջ իր գործընկերներուն (Oxfam եւ Mission East) միջոցով պատրաստած է առաջին խումբը ընկերային ծառայողներու‚ որոնք յատուկ մարզուած են օժանդակելու համար Հայաստանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն։

Մինչ սուրիական պատերազմը 2016-ին կը շարունակէ մագլցում արձանագրել՝ Հայաստանի մէջ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ կը շրջանցեն մարդասիրական աւանդական միջոցները եւ կը ձեռնարկեն գաղթականներուն օգնելու Հայաստանի հանրապետութեան մէջ նոր կեանք կառուցելու եւ համարկուելու։ Այս շաբաթ Երեւանի մէջ Oxfam-ի եւ Mission East-ի կողմէ սուրիացի գաղթականներուն ծառայելու համար գործի կոչուած ընկերային ծառայողներու նոր խմբակ մը մասնագիտական մարզում ստացաւ սուրիացի գաղթականներուն բարդ կարիքներուն յարմարելու համար։

Նուիրեալ ընկերային ծառայութեան ծրագիրը մաս կը կազմէ աւելի համապարփակ վարձքի նպաստի օժանդակութեան ծրագիրի մը‚ որ ուղղուած է պայմանները լրացնող սուրիացի գաղթականներու‚ որոնք ապաստանած են Հայաստան‚ ինչպէս նաեւ արդիւնք է այն յանձնառութեան‚ որ Armenian Redwood Project-ը ստանձնած է Փետրուար 2016-ին Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի գաղթականներու բարձրագոյն յանձնակատարութեան կողմէ կազմակերպուած Սուրիացի գաղթականներու խորհրդաժողովի ընթացքին։ Ընկերային ծառայողներու խմբակը նաեւ կը ներառէ պետական մարզէն եւ Հայաստանի Հայ Օգնութեան միութենէն հիւր ներկայացուցիչներ։

Ըստ Հայաստանի կառավարութեան‚ 2011-ին հակամարտութեան սկիզբէն ի վեր՝ աւելի քան 20 հազար սուրիահայ գաղթականներ ապաստանած են Հայաստան։ Գաղթականներու հասանելի բնակարաններու ապահովման հարցի պատշաճ լուծումը կը թուի Հայաստանի կառավարութեան կամ որեւէ առանձին կազմակերպութեան մը կարողութենէն վեր ըլլալ։ Մեկնելով այդ իրողութենէն՝ Armenian Redwood Project-ը կը հաստատէր համագործակցական բեմահարթակ մը գաղթականներուն կենսական մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրման համար։ Մասամբ իբրեւ սփիւռքեան նուիրատուներու եւ հիմնարկներու միջեւ դաշինք ծառայելով‚ եւ մասամբ իբրեւ միջազգային օժանդակութեան գործակալութեան գործընկեր՝ Armenian Redwood Project-ի համախմբումին նպատակը օժանդակելն է‚ որպէսզի Հայաստան գտնուող սուրիահայ ընտանիքները ապահովեն եւ պահպանեն իրենց կեանքերը վերականգնելու եւ Հայաստանի հասարակութեան մէջ համարկուելու միջոցները։

2016-ին‚ նախապէս խումբ մը ընկերային ծառայողներ մրցումի ճամբով մեծաթիւ դիմողներու մէջէն ընտրուեցան Oxfam-ի եւ Mission East-ի կողմէ‚ եւ իրենց կարողութիւնները առաւել եւս յղկելու համար մասնագիտական մարզումի ենթարկուեցան։ «Այդ ընկերային ծառայողներուն համար մարզումի եւ խորհրդակցութեան նիստեր եւ գործի վրայ մարզում պիտի յաջորդեն այդ մարզումներուն։ Ատոնք պիտի կատարուին տարբեր մասնագէտներու կողմէ‚ ըստ ընթացող գործնական աշխատանքի ընթացքին յառաջացող խնդիրներու եւ կարիքներու»‚ կ’ըսէ տոքթ. Եուլիանա Մելքումեան‚ որ մասնագիտացած է ընկերային ծառայողներու մարզումին մէջ։

Հայաստանի մէջ սուրիահայ գաղթականներուն տան այցելութեան եւ գրասենեակի մէջ խորհդրակցութեանց ճամբով անմիջական ծառայութիւններ տրամադրելու կողքին՝ ընկերային ծառայողները նաեւ պիտի կատարեւ հսկողութեան‚ արժեւորման եւ տուեալներու հաւքման կարեւոր գործեր։ Մարզումի նիստներուն մէջ ներառուած պիտի ըլլան նաեւ Հայաստանի պետական օժանդակութեան համակարգէն տարրեր‚ որոնք տրամադրուած են Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան մէկ ներկայացուցիչին կողմէ։ Իբրեւ հիւրընկալող երկիր՝ Հայաստան սուրիահայ գաղթականներուն եւ իր բնակչութեան թիւերուն համեմատութեան առումով կատարելապէս օրինակելի եղած է։

Հայաստանի մէջ սուրիացի գաղթականներու համարկումը դիւրացնելու համար կառոյցներու կառուցումն ու նոր կարողութեան յառաջացումը մաս կը կազմէ Armenian Redwood Project-ի իր գործընկերներուն ու նուիրատուներուն հետ 2016-ի համար նախատեսած իր ծրագիրին։

«Արդէն կը գործենք գործի վրայ կեդրոնացած վերլուծական կեդրոնի մը նման‚ երբ հարցը կը վերաբերի Հայաստանի մէջ գաղթականներուն։ Ուզեցինք‚ որ սուրիացիներուն փորձառութիւնը 1990-ական թուականներուն Պաքուէն եւ տաաւին երէկ Իրաքէն եկած գաղթականներու փորձառութենէն տարբեր ըլլալ։

«5-ամեայ պատերազմէն ետք‚ Սիլօ նախաձեռնութիւնները ոչ բաւարար են։ Կարիքը ունինք‚ որ հայկական կազմակերպութիւնները գործակցին համագործակցական բեմահարթակի մը շուրջ‚ որպէսզի գաղթականներուն որակեալ ծառայութիւններ մատուցուին»‚ ըսաւ Armenian Redwood Project-ի աւագ գործադիր պատասխանատու Ռաֆֆի Արտհալճեան։

«ՄԱԿ-ի գաղթականներու բարձրագոյն յանձնակատարութեան կողքին‚ մեր համագործակցական համախմբումը գաղթականի կարքավիճակ ունեցող հարիւրաւոր ընտանիքներու կ’աջակցի վարձկերու յատկացումներու ճամփով եւ այժմ ընկերային մասնագիտացած ծառայութիւններուն՝ մարզ մը‚ որ Հայաստանի մէջ պատշաճ կերպով զարգացած չէ։ Ես անհամբեր կը սպասեմ Երեւան իմ յաջորդ այցելութեանս ընթացքին ջատագովելու կարեւորութիւնը Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան հետ այսպիսի կառոյցի մը հաստատման կարեւորութիւնը»‚ կ’աւելցնեէ Արտհալճեան։

Մինչ Հայաստան հակամարտութեան նախկին մարդասիրական հակազդեցութենէն կ’ուղղուի դէպի զարգացման նոր քաղաքականութիւններ՝ գործի ընթացքին մարզումը պիտի շարունակուն ընկերային ծառայողներու նոր խմբակին հետ՝ սուրիացի գաղթականներուն օժանդակելու մասնագիտական հաստատութեան կարողութիւնը յառաջացնելու յոյսով։ Մինչ Սուրիոյ մէջ պատերազմը մուտք կը գործէ իր 6-րդ տարին՝ ընկերային ծառայողներու նոր խմբակին մարզումը այդ ուղղութեամբ քայլ մըն է։

Armenian Redwood Project-ը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր բոլոր առատաձեռն նուիրատուներուն‚ Հայաստանի մէջ գործընկերներուն ու տարբեր մասնակիցներուն՝ առանց որոնց այս արդիւնքներէն ոչ մէկը կարելի պիտի ըլլար։ 2016-ի ծրագիրի նուիրատուներու շարքին են բարերարներ Ճերըլտ Թուրփանճեան‚ Քարոլին Մուկըար եւ Զաւէն Աքեան‚ ինչպէս նաեւ Կիւլպենկեան հիմնարկը‚ Ճինիշեանի յիշատակի հիմնարկը‚ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկեայի թեմը‚ Անի եւ Նարօտ յիշատակի հիմնարկը‚ Դանիոյ առաքելութեան Արեւելեան Հայաստանի մասնաճիւղը‚ Սուրիահայութեան օժանդակութեան ֆոնտը‚ ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ծրագիրի գործընկեր Oxfam Armenia-ն։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.